Սուրբ Գրիգոր Շնորհալի Սուրբ Գրիգոր Շնորհալի 

ԵՈՒՆԵՍՔՕ. 2023ին պիտի նշուի Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին մահուան 850 ամեակը։

ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի գործադիր գործակալութեան խորհուրդը, քուէարկեց 60 հռչակաւոր անձնաւորութիւններուն ցուցակ մը, որոնց տարեդարձները պիտի նշուին 2020-2023 տարիներուն։ Անոնց շարիքն է Սուրբ Ներսէս Շնորհալին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի գործադիր գործակալութեան խորհուրդը քուէարկեց 60 հռչակաւոր անձնաւորութիւններուն ցուցակ մը, որոնց տարեդարձները պիտի նշուին 2020-2023 տարիներուն, ասոնք շարքին են Նիկոլօ Քոփերնիքուս, Սուրբ Ներսէս Շնորհալին, Գրիգրոր Մենտել ու Լիզիոյի Սրբուհի Թերեզան։

Ունկնդրէ լուրը

2022-2023 տարիներուն, ՈՒնԵՍՔՕ-ի որոշուին համաձայն 60 անձնաւորութիւններուն շարքին պիտի յիշատակուին տարբեր ազգութիւններու պատկան, խաղաղութեան, կրթութեան, գիտութեան, եւ ընկերային գիտութիւններու ու հաղորդակցութեան ասպարէզներէն ներս հռչակաւոր անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին հայոց հայրապետներէն Սուրբ Ներսէս Շնորհալին, Գրիգոր Մենտել ու Լիզիոյի Սրբուհի թերեզան։

ՈՒՆԵՍՔՕ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Ֆոլլօ, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանելով ՄԱԿ-ի որոշումը, ընդգծեց թէ կրօնաւորական ծաւալը ընդարձակ տեղ կը գրաւէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ- ի նստաշրջանները բնութագրող մշակութային բանավճերուն մէջ։ Ան յիշելուց սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքը , «հաւատք մը որ չդառնայ մշակոյթ, հասուն հաւատք չէ։»

Սուրբ Ներսէս Շնորհալին Ծնած է Կիլիկեան Հայաստանի մերձակայքում գտնուող Ծովք ամրոցը, բերդատէր իշխան Ապիրատ Պահլաւունիի ընտանիքին մէջ։ Ան իր երէց եղբօր հետ ուսում ստացած է Շուղրի Սեւ լերան Կարմիր վանքի եւ Հռոմկլայի մէջ, ուսուցիչ ունենալով Ստեփանոս Մանուկ վանահայրը։ Մինչեւ իր կեանքի վախճանը,  1173, ապրած եւ ստեղծագործած է Հռոմկլայի մէջ, այդ պատճառով կոչուած է նաեւ «Կլայեցի»։ Եղած է Գրիգոր Մագիստրոսի աղջկան թոռը։ Մեծ հօրմէն ժառանգած է քաղաքական գործիչի եւ գրողի ձիրք։ Երկու առումով ալ հատելի դեր կատարած է հզօրացող Կիլիկիոյ հայութեան կեանքին մէջ։ 1113 թ․-ին, երբ Ներսէս տակաւին տասնութ տարեկան էր, եղբայրը Գրիգորիս Գ կաթողիկոս կը ձեռնադրուի։ Ներսէս իր հերթին եղբօրը ձեռամբ կը ստանայ եպիսկոպոսի աստիճանը։ 1150-ին կաթողիկոսական գահը կը փոխադրուի Ծովք։ 1166թ․-ին՝ եղբօր կողմէ հայրապետական օծումը կը ստանայ որպէս կաթողիկոսական տեղապահ ու անոր վախճանումէն ետք՝ կը ստանձնէ հայրապետական գահը որպէս Ամենայն հայոց կաթողիկոս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2021, 11:22