«Քովիտի տագնապ».Հնդկաստանի վիճակը ողբերգական. «Քովիտի տագնապ».Հնդկաստանի վիճակը ողբերգական. 

«Քովիտի տագնապ».Հնդկաստանի վիճակը ողբերգական. Զոհերու թիւը անցաւ 200 հազարը

Ի դէպ, 1,3 միլիառ բնակչութիւն ունեցող Հնդկաստանի մէջ, «Քովիտ-19»-ով վարակուածներու թիւը կը կազմէ աւելի քան 18 միլիոն, իսկ մահուան դէպքերը՝ 201187:

Հնդկաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի պատճառով մահուան դէպքերուն թիւը անցած է 200.000-ը։ Միւս կողմէ  թթուածինի ու բժշկական սարքերու պակասը աւելիով տագնապալի   դարձուցած  է վիճակը: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «skynewsarabia» կայքէն:

Անցեալ շաբաթ, Հնդկաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքի հարուածի վարակակիրներու թիւը եղած է օրական կտրուածքով՝  300 հազար, ինչ որ գերազանցած է առողջապահական համակարգի կարողութիւնները: Իսկ անցնող 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած 360 հազար դէպքը կը նկատուի աշխարհի օրական արձանագրուած թիւերուն ամէնէն մեծը:

Ի դէպ, 1,3 միլիառ բնակչութիւն ունեցող Հնդկաստանի մէջ, «Քովիտ-19»-ով վարակուածներու թիւը կը կազմէ աւելի քան 18 միլիոն, իսկ մահուան դէպքերը՝ 201187:

Կարմիր Խաչ եւ Կարմիր Մահիկ կազմակերպութիւններու Հարաւ Ասիոյ ընդհանուր նախագահ՝ Օտայա Ռէժմի, յայտարարած է, թէ պէտք է արագ կերպով պատուաստներ ապահովել բոլոր տարեցներուն:

Իր հերթին, Տելհիի վարչապետը՝ Արուինտ Քէճրիուալ ըսած է, թէ վարակուածները աւելի ծանր կը տանին հիւանդութիւնը, եւ աւելի երկար, ինչ որ կը ճնշէ առողջապահական համակարգը: 

Աղբիւրը նշած է, թէ Տելհիին կ'օժանդակեն աշխարհի չորս կողմերէն, ուղարկելով համաճարակին դէմ պայքարելու բժշկական սարքաւորումներ, ի մասնաւորի  Մեծն Բրիտանիայէն, Աւստրալիայէն, Գերմանիայէն եւ Իրլանտայէն: Նաեւ Սինկափորն ու Ռուսաստանը խոստացած են ուղարկել բժշկական օժանդակութիւն: Իսկ Գանատայի վարչապետ՝ Ճասթըն Թրուտո խոստացած է 10 միլիոն տոլարով օգնել Հնդկաստանին:

Միշիկըն համալսարանի համաճարակաբան, փրոֆեսոր՝ Պահրամար կոչ ուղղած է աշխարհին խստացնելու սահմանափակումները ժահրի տարածումը դանդաղեցնելու համար եւ ըսած «Մարդկային կեանքը այս հանգրուանին աւելի կարեւոր է, քան ապրուստ վաստակիլը»:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2021, 08:10