Հայաստանի նախագահը տեսակցեցաւ համայն Վրաստանի կաթողիկոսին հետ Հայաստանի նախագահը տեսակցեցաւ համայն Վրաստանի կաթողիկոսին հետ 

Հայաստանի նախագահը տեսակցեցաւ համայն Վրաստանի կաթողիկոսին հետ

Իլեա Բ. պատրիարքը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ հայ ժողովուրդը իր մէջ ուժ կը գտնէ յաղթահարելու դժուարութիւնները՝ նշելով, որ Հայաստանի դժուարութիւնները նաեւ Վրաստանինն են։

Պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, տիկնոջ` Նունէ Սարգսեանի հետ տեսակցեցաւ Համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլեա Բ.ի հետ։

Իլեա Բ. յայտնեց, որ հայ եւ վրացի ժողովուրդները բարեկամութեան դարաւոր պատմութիւն ունին, եւ անոր պահպանման ու շարունակութեան առումով կարեւոր դեր ունեցած են եւ ունին Հայ առաքելական եւ Վրաց ուղղափառ եկեղեցիները: Ան նշեց, որ երկու եկեղեցիները նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունին տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման գործին մէջ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր կարգին ըսաւ, որ այս պաշտօնական այցելութեան նպատակն է բարեկամութեան պատմական աւանդոյթներ ունեցող երկու ժողովուրդներու ներկայ յարաբերութիւններու զարգացումը եւ համագործակցութեան հեռանկարներու քննարկումը: Ան նաեւ խօսեցաւ ներկայի մարտահրաւէրներուն մասին` նշելով, որ այժմ բարդ ժամանակներ են թէ՛ աշխարհի եւ թէ տարածաշրջանին համար. «Հայաստանն անցաւ պատերազմի դժոխքի միջով, եւ հազարաւոր երիտասարդ կեանքերի կորուստ ունեցանք: Իմ աղօթքները զաւակի կորստի ցաւը կրող ծնողների եւ ընտանիքների հետ են: Ու մենք ամէն ինչ պէտք է անենք ապագայում աւելի կայուն ու խաղաղ տարածաշրջան ունենալու համար»:

Իլեա Բ. պատրիարքը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ հայ ժողովուրդը իր մէջ ուժ կը գտնէ յաղթահարելու դժուարութիւնները՝ նշելով, որ Հայաստանի դժուարութիւնները նաեւ Վրաստանինն են։ Ան յայտնեց, որ կ՛աղօթէ Հայաստանի եւ իրենց զաւակները կորսնցուցած ծնողներուն համար։

Քաղուած «Ասպարէզ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2021, 11:01