Սննդամթերք Սննդամթերք 

«Սննդամթերքը աշխարհի վրայ մրցանշային սղաճ արձանագրած է» կ՛ըսէ ՄԱԿ

Գիները 10 ամիս անընդմէջ կը բարձրանան:
Ունկնդրէ լուրը

Համաշխարհային պարենային ապրանքներու գիները աճած են մրցանշային ցուցանիշով: 2014 յուլիսէն ի վեր սննդամթերքի գիները հասած են առաւելագոյնի: Այս մասին կը նշուի ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան զեկուցումին մէջ:

Գիները 10 ամիս անընդմէջ կը բարձրանան: Մարտին Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ցուցանիշը հասած է 118,5 կէտի` փետրուարին համեմատ աճելով 2,1 առ հարիւրով: Ամէնէն շատ սղած է բուսական իւղը: Մարտին ատոր գիներուն ցուցանիշը աճած է 8 առ հարիւրով եւ հասած է յունիս 2011-էն ի վեր բարձրագոյն մակարդակին:

Զգալիօրէն աճած են նաեւ կաթնեղէնի եւ մսեղէնի գիները (համապատասխանաբար 3,9 եւ 2,3 առ հարիւրով), ինչ որ կը բացատրուի Ս. Զատիկի տօներուն ընդառաջ պահանջարկի մեծ ալիքով:

Փետրուարի համեմատ` հացահատիկի եւ շաքարի գինը նուազած է: Ամէնէն շատ նուազած են ցորենի գիները` աշխարհի վրայ մեծ պաշարներու եւ այս տարի լաւ բերքի սպասումներու շնորհիւ: Շաքարաւազը աժանցած է 4 առ հարիւրով, սակայն ատոր գիները նախորդ տարուան համեմատ 30 առ հարիւրով բարձր կը մնան:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2021, 10:03