Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Ռայի Պատրիարք. «այս ժամանակաշրջանը քաղաքական պայքարի համար չէ, այլ` երկիրը փրկելու նպատակով տարուող միացեալ աշխատանքի»

Ռայի պատրիարքը զգուշացուց ժողովուրդը քաղաքական դասին եւ դրամատուներուն պայքարին միջեւ զոհի վերածելէ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կոչ ուղղեց բոլորին դուրս գալու իրենց կասկածամտութենէն եւ ընդունելու ճշմարտութիւնը:

«Կասկածներու պատճառով այս կամ այն անհատին կամ հաստատութեան դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները ամօթալի են եւ պատճառ կը դառնան, որ իր հաստատութիւններուն եւ պետութեան դէմ ժողովուրդին վստահութիւնը լրիւ վերանայ», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ քիչեր են, որոնք քաղաքացիներուն մասին կը մտածեն: «Այս ժամանակաշրջանը քաղաքական պայքարի համար չէ, այլ` երկիրը փրկելու նպատակով տարուող միացեալ աշխատանքի», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

Ան ընդգծեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել զօրակցելու կառավարութեան, ամրապնդելու անոր կարողութիւնը եւ անկէ հեռացնելու օտար հոգատարութեան որեւէ հաւանականութիւն, որ կրնայ պարտադրուիլ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու լոյսին տակ: «Ընթացիկ հարցերու կառավարութենէն կը պահանջուի գողցուած դրամը վերադարձնել Լիբանան եւ արագացնել բարեկարգումի ծրագիրները` ապահովելու համար լիբանանցիներուն կողմէ ճակտի քրտինքով հաւաքուած գումարներն ու երկրին գերագոյն շահերը», յայտնեց Ռայի պատրիարքը:

Ռայի պատրիարքը զգուշացուց ժողովուրդը քաղաքական դասին եւ դրամատուներուն պայքարին միջեւ զոհի վերածելէ:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց քաղաքական պատասխանատուներուն կազմելու կառավարութիւնը եւ ամօթ զգալու արաբական եւ միջազգային ընտանիքներէն:

Ան շեշտեց նաեւ, որ իրաւական հաշուեքննութեան լրջութիւնը անոր ամբողջական ըլլալուն մէջ է եւ ոչ թէ ընտրովի ու դիտումնաւոր:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2021, 08:39