ՄԱԿ ՄԱԿ 

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղած են իրենց հովանիին տակ որքան կարելի է շուտ վերսկսելու բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը

Միջնորդները գոհունակութիւն յայտնած են զինադադարի դրութեան ամրապնդման վերաբերեալ` յայտարարելով, որ ուշադիր կը հետեւին 9 նոյեմբեր 2020 թուականին կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Արցախի տագնապի կողմերուն կոչ ուղղած են իրենց հովանիին տակ որքան կարելի է շուտ վերսկսելու բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը: Այս մասին  կը նշուի միջնորդներուն հրապարակած միացեալ յայտարարութեան մէջ:

Ուղերձին մէջ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), վկայակոչելով իրենց լիազօրութիւնը եւ «շրջանի բոլոր ժողովուրդներու` կայուն, խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագային ձգտումը», ընդգծած են, թէ յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել վերջնական, համապարփակ եւ կայուն լուծման ձեռքբերման:

«Այս առնչութեամբ համանախագահները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն` համանախագահներու հովանիին տակ կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսելու բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը: Անոնք կը վերահաստատեն իրենց հովանիին տակ ուղիղ երկկողմանի խորհրդակցութիւններ կազմակերպելու իրենց առաջարկը, որպէսզի կողմերը առանց նախապայմաններու քննարկեն եւ իրենց առաջնահերթութիւնները արտացոլացնող միացեալ օրակարգի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն», կը նշուի ԵԱՀԿ-ի կայքին մէջ զետեղուած փաստաթուղթին մէջ:

Միջնորդները գոհունակութիւն յայտնած են զինադադարի դրութեան ամրապնդման վերաբերեալ` յայտարարելով, որ ուշադիր կը հետեւին 9 նոյեմբեր 2020 թուականին կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման:

«Համանախագահները կ՛ողջունեն զոհուածներու աճիւններու վերադարձի հարցին մէջ արձանագրուած զգալի ձեռքբերումները եւ տագնապին պատճառով տեղահանուած անձերու վերաբնակեցման հոլովոյթին մէջ շարունակուող յառաջընթացը, մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը եւ կեանքի պատշաճ պայմաններու ապահովումը, ինչպէս նաեւ կառուցողական քննարկումները, որոնք ուղղուած են ամբողջ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային եւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Համանախագահները կողմերուն յիշեցուցած են «մնացեալ խնդրայարոյց հարցերու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան նպաստող փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման համար լրացուցիչ ջանքերու անհրաժեշտութեան մասին»:

«Անոնք կը ներառեն հարցեր, որոնք կը վերաբերին, մասնաւորաբար, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կէտերուն համապատասխան բոլոր պատերազմական գերիներու եւ ձերբակալուած այլ անձերու վերադարձին, տագնապի շրջանի արդիւնաւէտ ականազերծման համար անհրաժեշտ բոլոր տուեալներու փոխանակման, Լեռնային Ղարաբաղ մուտքի սահմանափակումներու ջնջման, նաեւ` միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու համար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Միջնորդները ընդգծած են նաեւ կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ պաշտպանութեան, համայնքներուն միջեւ ուղիղ հաղորդակցութիւններու եւ համագործակցութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը:

Համանախագահները իրենց վճռական աջակցութիւնը յայտնած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի առաքելութեան շարունակական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ առաքելութեան հաւանական ընդլայնման, եւ կողմերուն կոչ ուղղած են լիարժէքօրէն օգտուելու եւ աջակցելու անոր ջանքերուն:

«Համանախագահները կ՛ընդգծեն իրենց պատրաստակամութիւնը վերսկսելու աշխատանքային այցելութիւնները շրջան, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից շրջաններ` իրենց գնահատողական եւ միջնորդական դերը կատարելու համար: Այս առնչութեամբ համանախագահները կողմերուն կը յիշեցնեն համանախագահներու` իրենց լիազօրութեան եւ նախորդ գործելաոճին համապատասխան ուղեւորութիւններու նկատմամբ անարգել մուտքի եւ տեղաշարժի առաւելագոյն ճկունութեան ապահովման անհրաժեշտութեան մասին», նշուած է ԵԱՀԿ-ի կայքին վրայ զետեղուած փաստաթուղթին մէջ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2021, 09:06