Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի նիստը Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի նիստը 

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ պաշտպանելու քաղաքացիներուն եւ պետութեան նաւթի ու բնական կազի հարստութեան իրաւունքները

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան պետութեան իրաւունքները, յատկապէս` նաւթի եւ բնական կազի իրաւունքները ենթակայ են ոտնձգութեան:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը կը զօրակցի Ռայի պատրիարքին եւ Լիբանանի փրկութեան ու գերիշխանութեան եւ ազատ որոշումին վերահաստատումին համար անոր սկսած շարժումին, եւ կոչ կ՛ուղղէ բոլոր լիբանանցիներուն առկայ բոլոր միջոցներով զօրակցելու այդ շարժումին:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ընդգծեց, որ լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան պետութեան իրաւունքները, յատկապէս` նաւթի եւ բնական կազի իրաւունքները ենթակայ են ոտնձգութեան: Խորհուրդը ընդգծեց, որ անկարելի է անտեսել այդ իրաւունքները, ինչ ալ ըլլան պատճառներն ու պատճառաբանութիւնները:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու կառավարութիւնը եւ երաշխաւորելու իրաւունքները:

Խորհուրդը բարձր գնահատեց Լիբանանի օժանդակութեան առումով ցուցաբերուող արաբական եւ միջազգային զօրակցութեան նշոյլները եւ զանոնք դրական նկատեց Լիբանանը ազատագրելու ներքին տարակարծութիւններէն, արտաքին միջամտութիւններէն եւ տեղահանուածներ ու գաղթականներ հիւրընկալելու բեռէն:

Քաղուած «Ազդակ »էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2021, 08:17