Էլիզապեթ Բ. Թագուհիի ամուսինը` Ֆիլիփ իշխանը մահացաւ
Մահացած է Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիի ամուսին Ֆիլիփ իշխանը: Այս մասին Բրիտանիոյ թագաւորական ընտանիքը յայտնեց իր թուիթըրեան էջին վրայ:
«Խոր ցաւով նորին մեծութիւն թագուհին տեղեկացած է իր սիրելի ամուսինին` Էտինպուրկի դուքսի մահուան մասին: Նորին թագաւորական մեծութիւնը կեանքէն խաղաղօրէն հեռացած է այսօր առաւօտեան` Ուինտսորի ամրոցին մէջ», նշուած է գրառման մէջ:
Ֆիլիփ իշխանը 99 տարեկան էր: Ան ծնած էր 10 յունիս 1921-ին, յունական Քորֆու կղզիին վրայ: Անոր հայրը Յունաստանի Անտրիւ իշխանն էր, իսկ մայրը` Պաթենպերկի Ալիս իշխանուհին: Այդ ժառանգը զինք դարձուցած էր Յունաստանի եւ Դանիոյ իշխան, սակայն անոր ընտանիքը հետագային Յունաստանի մէջ յեղաշրջումէ մը ետք վտարուած էր երկրէն: Ան համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին ծառայած էր բրիտանական ծովուժին մէջ եւ 20 նոյեմբեր 1947-ին ամուսնացած Էլիզապեթ իշխանուհիին հետ ու դարձած Էտինպուրկի դուքս:
Քաղուած «Ազդակ»էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ