հհ Նախագահ Արմէն Սարգսեան հհ Նախագահ Արմէն Սարգսեան 

հհ Նախագահը գերիներու հարցով նամակներ յղեց ԵԽի Եւ ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղարներուն

Սարգսեան ԵԽ ընդհանուր քարտուղարին եւ Եւրախորհուրդին, ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղարին եւ կազմակերպութեան կոչ կուղղէ՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներուն անյապաղ ազատ արձակումը եւ անվտանգ վերադարձը ապահովելու համար:
Ունկնդրէ լուրը

Շարունակելով միջազգային պաշտօնակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներու հրատապ հարցին վրայ` նախագահ Արմէն Սարգսեան նամակներ յղեց Եւրոպայի խորհուրդի (ԵԽ) ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչին եւ Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղար Հելկա Մարիա Շմիթին:

Ըստ նախագահին աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութեան՝ Սարգսեան ԵԽ ընդհանուր քարտուղարին եւ Եւրախորհուրդին, ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղարին եւ կազմակերպութեան կոչ կուղղէ՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներուն անյապաղ ազատ արձակումը եւ անվտանգ վերադարձը ապահովելու համար:

Ընդգծելով, որ 2020 թուականը Հայաստանի համար դժուար տարի էր ոչ միայն «Քորոնա» ժահրի, այլ նաեւ շատ աւելի ծանր` 27 Սեպտեմբերին Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած եւ Թուրքիոյ աշխոյժ աջակցութեամբ ու ուղիղ մասնակցութեամբ իրականացած պատերազմին պատճառով՝ նախագահ Սարգսեան կը յայտնէ.

«Չնայած միջազգային հանրութեան կողմից պատերազմն անյապաղ դադարեցնելու պարբերական կոչերին` Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը զանգուածաբար եւ միտումնաւոր կերպով թիրախաւորում էր քաղաքացիական բնակչութեանն ու ենթակառուցուածքները`կոպտօրէն ոտնահարելով մարդու իրաւունքներն ու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նորմերը: Այս ամէնը յանգեցրեց հազարաւոր երիտասարդ կեանքերի կորստի, հազարաւորների հաշմանդամութեան, բնակչութեան տեղահանման ու հայկական պատմական ու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու աւերման: Պատերազմի ընթացքում եւ դրանից յետոյ հայ զինծառայողներ ու քաղաքացիական անձինք են գերեվարուել, նրանք ենթարկւում են խոշտանգումների եւ արժանանում անմարդկային վերաբերմունքի Ադրբեջանի կողմից»:

Շեշտելով, որ այսօր Արցախի մէջ մարդասիրական իրավիճակին անդրադառնալը առաջնային հարց է, եւ միջազգային հանրութեան կողմէ հրատապ ուշադրութիւն կը պահանջէ, Հայաստանի նախագահը չափազանց կարեւոր կը նկատէ այն, որ գերութեան մէջ գտնուող բոլոր ռազմագերիներուն եւ քաղաքացիներուն փոխանակումը իրականացուի «Բոլորը` բոլորի դիմաց» սկզբունքի կիրարկումով, որ կ՛արհամարհուի Ատրպէյճանի կողմէ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2021, 08:08