Արման Թաթոյեան Արման Թաթոյեան 

Գերիներու հարցով Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը դիմեց Եւրոպայի խորհուրդին Նախարարներու կոմիտէի

Թաթոյեանի դիմումին մէջ ցոյց կը տրուի, որ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն պահուածքը կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային պահանջները` գերիները ներկայացնելով՝ իբրեւ «ահաբեկիչներ» կամ «ներթափանցողներ»:

Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայկական կողմի բոլոր գերիները անյապաղ վերադարձնելու հարցով Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Արման Թաթոյեան 9 Ապրիլին դիմեց Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէ: Ան կու տայ, թէ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը չի պահպաներ գերիներու հարցով դատարանին սահմանած ժամկէտները, դատարանին կը տրամադրէ ընդհանրական եւ սահմանափակ տեղեկութիւններ:

Թաթոյեանի դիմումին մէջ ցոյց կը տրուի, որ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն պահուածքը կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային պահանջները` գերիները ներկայացնելով՝ իբրեւ «ահաբեկիչներ» կամ «ներթափանցողներ»:

Ան փաստեց, որ բոլորն ալ կարգավիճակով գերիներ են, առ այդմ պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին եւ վերադարձուին հայրենիք` առանց որեւէ քաղաքական կամ այլ նախապայմանի:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նաեւ կանդրադառնայ անտեղի ձգձգումներուն, ինչպէս նաեւ դատապարտելի կը նկատէ այն, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները չեն հրապարակեր իրենց մօտ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու իրական թիւը։ «Նրանք դրանով կրկնակի տառապանքներ են պատճառում անյայտ կորած անձանց ընտանիքներին, քանի որ նրանց համար առաւել եւս անորոշ է դառնում վիճակը եւ սա էլ այն ֆոնին, որ ադրբեջանական իշխանութիւններն անընդհատ խոչընդոտում են մարմինների որոնողական եւ յայտնաբերման աշխատանքները»:

Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէին ուղղուած դիմումին մէջ կը ներկայացուի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային պահանջներու հանգամանալից վերլուծում, յստակ օրինակներով ցոյց կը տրուին մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ կը բարձրացուի գերիներու անյապաղ վերադարձին աջակցելու հարցը։

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2021, 09:30