Փրոֆ. Վարդան Գրիգորեան Փրոֆ. Վարդան Գրիգորեան 

Մահացած է ակադեմական յայտնի գործիչ՝ Վարդան Գրիգորեանը

2015-ին համահիմնադրած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 15 ապրիլ 2021-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքեց ամերիկահայ պատմաբան, դասախօս, բազմաթիւ մենագրութիւններու հեղինակ Վարդան Գրիգորեան:

Վարդան Գրիգորեանը ծնած է 1934-ին Իրանի Թաւրիզ քաղաքին մէջ: Տարրական կրթութիւնը ստացած է Իրանի մէջ, միջնակարգ կրթութիւնը` Լիբանան: 1956-ին ընդունուած է Սթենֆըրտի համալսարան, որ աւարտած է 1958-ին գերազանցութեամբ` մասնագիտանալով պատմութեան եւ մարդկային գիտութիւններու ոլորտներուն մէջ: 1964-ին դասաւանդած է Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի պատմութիւն Սան Ֆրանսիսքոյի պետական քոլեճին մէջ, Քալիֆորնիոյ (Լոս Անճելըս) եւ Թեքսասի (Օսթին) համալսարաններուն մէջ:

1972-ին տեղափոխուած է Փենսիլվանիոյ համալսարան, ուր նշանակուած է պատմութեան «Թարզեանական» փրոֆեսէօր եւ Հարաւային Ասիոյ պատմութեան փրոֆեսէօր:

1974-ին դարձած է Փենսիլվանիոյ համալսարանի Ճշգրիտ եւ մարդկային գիտութիւններու բաժանմունքի հիմնադիր վարիչը: Քսան տարուան գիտական գործունէութենէ ետք Վարդան Գրիգորեան գլխաւորած է Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանը:

1989-ին ընտրուած է Պրաուն համալսարանի նախագահ:

1969 թուականին Տանֆորթ հիմնադրամին կողմէ արժանացած է Հարպիսոնի անուան Ականաւոր ուսուցիչի մրցանակին: Բազմաթիւ պարգեւներու եւ կոչումներու արժանացած է Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Աւստրիոյ եւ Փորթուգալի կառավարութիւններուն կողմէ: Վարդան Գրիգորեանին շնորհուած է Ազատութեան նախագահական շքանշան եւ Մարդկային գիտութիւններու պետական շքանշան:

1997-էն ի վեր կը պաշտօնավարէր իբրեւ Էնտրիւ Քառնեկիի հիմնադրած հաստատութեան` Նիւ Եորքի Քառնեկի ընկերակցութեան 12-րդ նախագահ:

2015-ին համահիմնադրած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2021, 10:14