Դադիվանք Դադիվանք 

Պաքու արգիլեց Դադիվանքի մէջ ծանուցուած քահանայական ձեռնադրութիւնը

Վանքին մէջ նախատեսուած էր վանաբնակ միաբանի քահանայական ձեռնադրութիւնը, որուն մասին նախապէս ծանուցուած էր, եւ համաձայնեցուած էր ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան հետ:
Ունկնդրէ լուրը

25 Ապրիլին, համաճարակին պատրուակով, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներկայացուցիչներուն կողմէ արգիլուեցաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս․ Աբրահամեանի եւ խումբ մը ուխտաւորներու մուտքը Դադիվանք։

Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի ղեկավար Վահրամ Ա․ քհնյ․ Մելիքեան յայտնեց, թէ այդ օրը վանքին մէջ նախատեսուած էր վանաբնակ միաբանի քահանայական ձեռնադրութիւնը, որուն մասին նախապէս ծանուցուած էր, եւ  համաձայնեցուած էր ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան հետ:

«Հակառակ կատարուած նախնական անհրաժեշտ բոլոր տնօրինումների, հնարաւոր չեղաւ մօտենալ վանքին: Աւելին` արտօնութիւն ստացած ուխտաւորների 25 հոգանոց խմբի թուաքանակն իջեցուել էր տասի: Իսկ արգելքից յետոյ չի արտօնուել անգամ փոխանցել միաբանների համար պարբերաբար մատակարարուող սնունդը: Ակնյայտ է, որ այսպիսով Պաքու ձգտել է ձախողել քահանայական ձեռնադրութիւնը, որը նոյն օրը երեկոյեան կազմակերպուեց Գանձասարի վանքում», ըսաւ ան, դատապարտելով Ատրպէյճանի այս կեցուածքը:

«Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը մարդու իրաւունքների կոպիտ խախտում է եւ հերթական արտայայտութիւնն է հայատեացութեան, հայկական սրբավայրերի եւ հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքի նկատմամբ ոտնձգութեան», եզրակացուց Վահրամ Ա․ քհնյ․ Մելիքեան։

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2021, 08:00