Քովիտ 19 Քովիտ 19 

«Քովիտ»ով վարակուածներու տարերային թիւ եւ ... պատկեր

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմկաերպութեան տուեալներով՝ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներու թիւն աշխարհի մէջ հասած է 2 918 752-ի, որմէ 10 712-ը գրանցուած է վերջին մէկ օրուան մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Ողջ աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մարդոց թիւը գերազանցած է 134,95 մլն-ը՝ վերջին 24 ժամուան ընթացքին աւելնալով 646 863-ով: ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսուած է  Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տեղեկագրին մէջ:

ԱՀԿ տուեալներով՝ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներու թիւն աշխարհի մէջ հասած է 2 918 752-ի, որմէ 10 712-ը գրանցուած է վերջին մէկ օրուան մէջ:

ԱՀԿ-ն հաշուի կ'առնէ միայն պաշտօնապէս հաստատուած տեղեկութիւնները, որոնք կը տրամադրեն երկիրները:

Վերջին 24 ժամուան ընթացքին գրանցուած վարակման նոր դէպքերու աւելի քան 34 տոկոսը եղած է Եւրոպայի մէջ (222 804), երկրորդ տեղը զբաղցուցած է Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկան (184 717), երրորդ տեղը՝ Հարաւարեւելեան Ասիան (164 704):

Վարակման ամէնէն շատ դէպքեր արձանագրուած են ԱՄՆ-ի, Պրազիլի, Հնդկաստանի, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի, Մեծ Բրիտանիոյ, Թուրքիոյ, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Լեհաստանի եւ Քոլումպիայի մէջ:

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2021, 08:30