հնդկաստան, Քովիտ 19 հնդկաստան, Քովիտ 19 

«Քովիտ»ով պայմանաւորուած ծանր վիճակ Հնդկաստանի մէջ

Վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 349 600 դէպք, որ մէկ օրուան մէջ որեւէ երկրի մէջ գրանցուած առաւելագոյն ցուցանիշն է համավարակի ողջ ընթացքին:

Ինչպէս կը հաղորդէ РБК-ն՝ ներկաացնելով ասիական երկրի՝ Հնդկաստանի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալները, չորրորդ օրը անընդմէջ արձանագրուած է վարակման դէպքերու ամենամեծ մէկօրեայ ցուցանիշը:


Վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 349 600 դէպք, որ մէկ օրուան մէջ որեւէ երկրի մէջ գրանցուած առաւելագոյն ցուցանիշն է համավարակի ողջ ընթացքին:

Երկրի վարչապետ Նարտենրա Մոտին յայտարարած է, որ ««Քորոնա» ժահրային փոթորիկը» ցնցած է Հնդկաստանը: Հիւանդացութեան մակարդակի կտրուկ աճով պայամանւորուած՝ վերջինս կոչ ըրած է քաղաքացիներուն զգոյշ ըլլալ եւ պատուաստուիլ:

Ընդհանուր առմամբ, երկրին մէջ ամէն օր մօտ 2000 մահուան դէպք կը գրանցուի, սակայն նշուած է, որ ոչ պաշտօնական վիճակագրական տուեալը կրնայ 5-10 անգամ աւելի մեծ ըլլալ:

Մասնագետներու կարծիքով՝ հիւանդութեան տարածման ալիքը կրնայ պայամանւորուած ըլլալ «Քորոնա» ժահրի հնդկական շտամի ի յայտ գալով: Այդ շտամը յայտնաբերուած է նաեւ Զուիցերիոյ եւ Չեխիոյ մէջ:

Երկրի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ համավարակի սկիզբէն ի վեր Հնդկաստանի մէջ վարակուած է աւելի քան 16,9 միլիոն մարդ: Այս ցուցանիշով երկիրը երկրորդն է եւ կը զիջի  միայն ԱՄՆ-ին: Մահացածներու թիւը կը գերազանցէ 192 հազարը: Այս ցուցանիշով Հնդկաստանը 4-րդն է աշխարհի մէջ՝ ԱՄՆ-էն, Պրազիլէն եւ Մեքսիքայէն ետք:

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2021, 08:32