Պայտըն պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պայտըն պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 

Պայտըն պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իր այս քայլով, Պայտըն միացաւ Քոնկրեսին եւ երկրին 49 նահանգներուն, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕի իր առաւել քան 10 դաշնակիցներուն, որոնք կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Ապրիլ 24ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, վերջակէտ մը դնելով պատմական այդ իրողութիւնը Ուաշինկթընին ուրանալ տալու Անգարայի ջանքերուն դիմաց։

Իր այս քայլով, Պայտըն միացաւ Քոնկրեսին եւ երկրին 49 նահանգներուն, ինչպէս նաեւ ՆԱԹՕի իր առաւել քան 10 դաշնակիցներուն, որոնք կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը։

Յայտարարութեան մէջ, Պայտըն ամերիկացիներուն անունով իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ Ցեղասպանութեան զոհերուն՝ նշելով․ «Կը յիշենք օսմանեան շրջանի Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերը»։

Նշենք, որ այս յայտարարութենէն մէկ օր առաջ, Պայտըն նախագահ ընտրուելէն ետք առաջին անգամ ըլլալով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էր Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Էրտողանի հետ՝ անոր փոխանցելով, թէ պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց Պայտընի քայլը՝ շեշտելով, թէ այսպիսով Միացեալ Նահանգները ինքզինք կը դնէ հայութեան արդար իրաւունքները ապահովելու եւ Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ճամբուն վրայ՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ այդ նպատակներուն հասնելու համար սերտ գործակցութիւն կը սկսի հայութեան եւ Սպիտակ տան միջեւ, դէմ դնելու համար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2021, 08:56