ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն 

Ըստ աղբիւրներու. Հաւանական է, որ Պայտըն «Ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելով ճանչնայ Ֆայոց Ցեղասպանութիւնը։

Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի երէկ լրագրողներու յայտնած է, թէ Սպիտակ տունը շաբաթ օր հաւանաբար հարցին վերաբերեալ «աւելի ըսելիք» ունենան, սակայն մերժած է մանրամասնել:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ աղբիւրներ երէկ յայտնած են. «Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու ջարդը պաշտօնապէս ճանչնայ իբրեւ ցեղասպանութեան արարք, քայլ մը, որ հաւանաբար զայրացնէ Թուրքիան եւ առաւել եւս լարէ ՕԹԱՆ-ի երկու դաշնակիցներուն միջեւ արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները»:

«Քայլը մեծաւ մասամբ խորհրդանշական պիտի ըլլայ, սակայն խզում մը պիտի ըլլայ Սպիտակ տան կողմէ տասնամեակներու ընթացքին կիրարկուած զգուշութեամբ կշռուած լեզուէն եւ զուգադիպի այնպիսի ժամանակի մը, երբ Անգարան եւ Ուաշինկթընը արդէն շարք մը հարցերու մէջ հակադիր կեցուածքներ ունին», կը գրէ լրատու գործակալութիւնը:

Նիւթին քաջածանօթ երեք աղբիւրներ յայտնած են. «Հաւանական է, որ Պայտըն օգտագործէ «ցեղասպանութիւն» եզրը 24 ապրիլի իր յայտարարութեան մէջ, երբ աշխարհի տարածքին զոհերուն յիշատակը կը ոգեկոչուի»:

«Ինչ որ կը հասկնամ, ան իր որոշումը տուած է եւ շաբաթ օր իր յայտարարութեան մէջ պիտի օգտագործէ ցեղասպանութիւն եզրը», ըսած է նիւթին քաջածանօթ աղբիւր մը: Աղբիւրներ զգուշացուցած են, որ նկատի ունենալով Թուրքիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը, Պայտըն տակաւին կրնայ վերջին պահուն չօգտագործել եզրը:

Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի երէկ լրագրողներու յայտնած է, թէ Սպիտակ տունը շաբաթ օր հաւանաբար հարցին վերաբերեալ «աւելի ըսելիք» ունենան, սակայն մերժած է մանրամասնել:

«Ռոյթըրզ» կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հարցին վերաբերեալ հարցումները փոխանցած է Սպիտակ տան, եւ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը Փսաքիէն յաւելեալ բան չէ ըսած:

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը, վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնատար անձեր, նախապէս յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն մտադիր է պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2021, 11:38