Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուս: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուս: 

«Համաճարակը տակաւին աւարտելէ շատ Հեռու Է» կ՛ըսէ առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնին համաձայն, «Հիմա շատ երկիրներու մէջ աշխուժ դարմանումի բաժանմունքները լեփ-լեցուն են, մարդիկ կը մահանան, սակայն ատկէ կարելի է ամբողջովին խուսափիլ»:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակը տակաւին շատ հեռու է աւարտելէ, սակայն հանրային առողջապահական քայլերու շնորհիւ կարելի է քանի մը ամսուան ընթացքին վերահսկել զայն: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուս:

«Մենք նոյնպէս կ՛ուզենք, որ տնտեսութիւնները դարձեալ բացուին, ճամբորդութիւններն ու առեւտուրը վերսկսին», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է ան:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնին համաձայն, «Հիմա շատ երկիրներու մէջ աշխուժ դարմանումի բաժանմունքները լեփ-լեցուն են, մարդիկ կը մահանան, սակայն ատկէ կարելի է ամբողջովին խուսափիլ»:

«Քորոնա» համաճարակը տակաւին հեռու է աւարտելէ: Սակայն մենք շատ պատճառներ ունինք լաւատեսութեան համար: Տարուան առաջին երկու ամիսներուն ընթացքին հիւանդութեան եւ մահուան ցուցանիշներու նուազումը ցոյց կու տան, որ այդ ժահրին եւ ատոր տարբերակներուն տարածումը կրնան կանգնեցուիլ», աւելցուցած է ան` ընդգծելով, որ ժահրին փոխանցումը պայմանաւորուած է «ինքնավստահութեամբ եւ հանրային առողջապահութեան քայլերու անհետեւողականութեամբ»:

Քաղուած «Ազդակ«էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2021, 11:07