Հայոց Ցեղասպանութեան կանգուն մնացած ամենահին յուշակոթողին առջեւ Մեսրոպեանի աշակերտները յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

Աշակերտները Ապրիլ 23-ին այցելեցին Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին այնտեղ, առ ի յարգանք 2 միլիոն նահատակներու յիշատակին:

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները, որոնք քանի մը օր առաջ վերադարձած էին դպրոց՝ համաճարակի պարտադրած երկարատեւ դասադադարէն ետք, այսօր, Ապրիլ 23-ին այցելեցին Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան եւ ծաղկեպսակ զետեղեցին այնտեղ, առ ի յարգանք 2 միլիոն նահատակներու յիշատակին:

Աշակերտները, վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի եւ պատասխանատու ուսուցիչներու ուղեկցութեամբ, Պատրիարքարան բարձրացան դպրոցի փոխադրակառքերով, պահպանելով համաճարակի տարածման դէմ առողջապահական եւ ընկերային հեռաւորութեան կանոնները:

Յուշակոթողին առջեւ խօսք առնելով, աշակերտներու ներկայացուցիչ Փերլա Փիւսկիւլեան նախ դիտել տուաւ, որ այս տարուան Ապրիլեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչումը տարբեր բնոյթ կը կրէ, քանզի Հայրենիքին մէջ քանի մը ամիսներ առաջ նոյն թշնամիին՝ թուրք ու ազերիին դէմ տեղի ունեցած պատերազմին ընթացքին հերոսաբար զոհուեցան հազարաւոր հայ զինուորներ, որոնք միացան Ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակներու փաղանգին։ Ան իր բոլոր սերնդակիցներուն անունով խոստացաւ հաւատարիմ մնալ հին ու նոր նահատակներու կտակին, ամրօրէն կառչիլ Մայրենիին եւ ազգային արժէքներուն ու ջանք չխնայել՝ նպաստելու համար արդարութեան վերականգման եւ հայ ժողովուրդի անկատար իղձերու իրականացման:

Պարոն Կրէկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ հաւանաբար այս արարողութիւնը վերջինն է, որուն աւարտականի աշակերտները կը մասնակցին Մեսրոպեանի համազգեստով: Ան գոհունակութիւն արտայայտեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Մեսրոպեան վարժարանը յաջողեցաւ իր կրթութեան յանձնուած պատանիներն ու պարմանուհիները դաստիարակել հայկականութեան ոգիով ու մտքով եւ այդպիսով կատարել իր պարտքը՝  ազգին ու հայրենիքին: Տնօրէնը յիշեցուց, որ երջանկայիշատակ Աղաճանեան կարտինալ պատրիարքին որոշումով եւ օրով՝1939-ին Պէյրութի սրտին մէջ կանգնեցուած Պատրիարքարանի յուշակոթողը Ցեղասպանութեան նուիրուած նշանակալի առաջին եւ ամենահին կոթողն է՝ ամբողջ աշխարհի մէջ եւ այդ առումով կը խորհրդանշէ նաեւ ամբողջ լիբանանահայութեան վճռականութիւնը՝ տէր ու տիրական մնալու Հայ Դատին: Եզրակացնելով, պարոն Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ կեանքին մէջ կայանալու համար՝ աշակերտներուն անհրաժեշտ պիտի ըլլան ոչ միայն  մասնագիտութիւններն ու գործերը, այլեւ հաւատարիմ պատկանելիութիւնը ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն, որոնցմով անոնք հասակ առին հայ վարժարանին մէջ:

Խօսք առաւ Մեսորպեանի հոգեւոր տեսուչ արժանապատիւ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան, որ աշակերտներուն բացատրեց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողին պարունակած խորհրդանիշերը, մասնաւորաբար դիտել տալով, որ մինչ հայ ժողովուրդը խորհրդանշող սիւնի վերի հատուածը աւերուած տեսք ունի, առ ի խորհրդանիշ՝ Ցեղասպանութեան, սակայն անորմէ վեր կը խոյանայ Սուրբ Խաչը, որ աներկբայ խորհրդանիշն է Յարութեան եւ Յոյսին, որմով հայ ժողովուրդը ջարդէն, տարագրութենէն եւ աքսորէն դուրս եկաւ յաղթանակած եւ ոտքի ելաւ կրկին:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2021, 08:30