Արցախ, հայկական եկեղեցի Արցախ, հայկական եկեղեցի 

Վտանգուած են հակառակորդին վերահսկողութեան տակ անցած առաւել քան 2000 յուշարձաններ

Վտանգուած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն շուրջ 2000ի հասնող յուշարձաններու ճակատագիրը:
Ունկնդրէ լուրը

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարար Լուսինէ Ղարախանեանի` Ատրպէյճան հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, զայն նենգափոխելու հետեւողական եւ ծրագրուած քաղաքականութիւն կը վարէ: Նախարարութիւնը, համագործակցելով թէ՛ տեղական, թէ՛ միջազգային կառոյցներու հետ՝ կը փորձէ քայլերու ձեռնարկել հակառակորդին վերահսկողութեան տակ անցած հայկական հարուստ ժառանգութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ, սակայն, ըստ Ղարախանեանի, տակաւին չկան այն սաստող քայլերը, որոնք Ատրպէյճանին պիտի ստիպեն կանգ առնել:

Նախարարը այս մասին ըսաւ 27 Ապրիլին «Արցախի վտանգուած ժառանգութիւնը. մարտահրաւէրների հանգոյցում» խորագիրով համաժողովի մեկնարկէն առաջ, լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին՝ դիտել տալով, որ ներկայ դրութեամբ վտանգուած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն շուրջ 2000ի հասնող յուշարձաններու ճակատագիրը:

«Վտանգուած է 13 վանական համալիրի, 122  եկեղեցու, 52 ամրոցի, 523 խաչքարի եւ չորս մատուռի ճակատագիր: 127 դպրոցական գրադարանը 617 հազար գրքով մնացել է բռնագրաւուած տարածքներում, 3 շրջանային գրադարան` 68 հազար 398 գրքով», նշեց Ղարախանեան:

Անդրադառնալով թանգարաններուն` նախարարը տեղեկացուց, որ տասը պետական եւ երկու սեփական թանգարաններ մնացած են բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ` 20,000 նմոյշներով:

Նշեալ թանգարաններէն են՝ Հադրութի Արթուր Մկրտչեանի անուան թանգարանը, ուր կան 7680 ցուցանմոյշներ, որոնց կարգին Մկրտչեանի անձնական իրերը, Թեւան Ստեփանեանի անուան եւ այլ թանգարաններ: Լուսինէ Ղարախանեան յիշեցուց, որ Շուշի քաղաքի Պատմութեան թանգարանն ալ՝ 5000 ցուցանմոյշներով, անցած է հակառակորդի վերահսկողութեան տակ, Երկրաբանական պետական թանգարանը` 403 նմոյշներով, Կերպարուեստի պետական թանգարանը` 673 նմոյշներով, Գորգերու թանգարանը, որուն ցուցանմոյշներուն մեծ մասը կարելի եղած է տարհանել:

Ըստ Ղարախանեանի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած է Տիգրանակերտի պատմահնագիտական ամրոց-թանգարանը, իսկ Յունոտի կիրճը դեռ չէզոք գօտիին մէջ է: Ան յայտնեց, որ Ազօխի մէջ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած բոլոր ցուցանմոյշները տարուած են Ատրպէյճան եւ անոր ապացոյցները կան։ «Այսօր սկսուել է երկրորդ Եղեռնը. Եղեռն` Եղեռնից յետոյ: Մենք տարբեր ճանապարհներով` խաղաղապահների, արտաքին գործերի նախարարութեան եւ միջազգային կառոյցների միջոցով փորձում ենք կանխել դա, բայց դեռ չկան սաստող այն յստակ քայլերը, որոնք Ադրբեջանին ստիպեն կանգ առնել», նշեց ան:

Ըստ Ղարախանեանի` Ատրպէյճան իր քաղաքականութիւնը երկու ուղղութեամբ յառաջ կը տանի` հայկական յուշարձաններու ոչնչացում եւ զանոնք իբրեւ ալպանական մշակոյթի մաս ներկայացնելու փորձեր: «Սա հարուած է մեր ինքնութեանը», շեշտեց նախարարը:

Նշենք, որ Արցախեան 44օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական մշակութային ժառանգութեան սպառնացող վանտալութեան, անոր պահպանութեան վրայ լուսարձակ սփռելու եւ այս հարցը միջազգային ուշադրութեան յանձնելու միտումով՝ 27 Ապրիլին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ վերոյիշեալ համաժողովը, որուն մասնակցեցան պատասխանատու եւ շահագրգիռ կողմեր` զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ, մասնագիտական, պետական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, հոգեւորականներ, յուշարձանագէտներ ու փորձագէտներ:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2021, 08:35