Հայ ուխտաւորներ ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ այցելած են Դադիվանք Հայ ուխտաւորներ ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ այցելած են Դադիվանք 

Հայ ուխտաւորներ ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ այցելած են Դադիվանք

Ռուս խաղաղապահները նաեւ ապահոված են հայ ուխտաւորներու անվտանգութիւնը Ամարաս քրիստոնէական վանք այցելելու ժամանակ,

Հայ ուխտաւորներն այցելած են Դադիվանքի հնագոյն վանական համալիր, կը հաղորդէ ՌԴ ՊՆ-ն։

Նշուած է, որ հայ ուխտաւորները ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ անարգել մտած են համալիրի տարածք:

Ունկնրէ լուրը

«Դադիվանքը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հնագոյն քրիստոնէական վանքերէն է եւ կը գտնուի Քելբաջարի (Քարվաճառ) շրջանի տարածքին մէջ, որ, եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է 2020 թուականի նոյեմբերին»,- աւելցուցած է ՌԴ ՊՆ-ն։

Ինչպէս նշուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ, ռուս խաղաղապահները նաեւ ապահոված են հայ ուխտաւորներու անվտանգութիւնը Ամարաս քրիստոնէական վանք այցելելու ժամանակ, որ կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կողմերու սահմանազատման գիծի անմիջական հարեւանութեամբ:

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2021, 08:31