Եւրոպական խորհուրդը Եւրոպական խորհուրդը 

Եւրոպական խորհուրդը` Հայաստանի իշխանութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան տրամադրութեան տակ

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութիւնը

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչ մեկնաբանած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ կողմերուն զսպուածութեան կոչ ուղղած:

«Ես ուշադրութեամբ կը հետեւիմ Եւրոպական խորհուրդի անդամ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն եւ հանդարտութեան, զսպուածութեան եւ պատասխանատուութեան կոչ կ’ուղղեմ: Բոլոր քաղաքական տարակարծութիւնները պէտք է քննարկուին եւ լուծուին խաղաղ ճամբով` քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, բանակցութիւններու սեղանին շուրջ եւ ժողովրդավարութեան ու օրէնքի գերակայութեան սկզբունքներուն համապատասխան», ըսուած է Պուրիչի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է Եւրոպական խորհուրդի կայքին վրայ:

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը նշած է. «Ստեղծուած կացութեան մէջ օգնութիւն ցուցաբերելու համար Եւրոպական խորհուրդը կը մնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան տրամադրութեան տակ»:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2021, 12:28