Միանմարի մէջ ցոյցեր Միանմարի մէջ ցոյցեր 

Ռազմական յեղաշրջումէն ասդին Միանմարի մէջ սպաննուած է 450 մարդ

1 փետուարէն ի վեր ձերբակալուած է 2 559 քաղաքացի, իսկ 119-ին նկատմամբ տրուած է կալանագիր
Ունկնդրէ լուրը

Միանմարի բողոքի հաւաքներու մասնակիցներուն եւ ուժային գերատեսչութիւններու աշխատակիցներուն միջեւ սկիզբ առած ընդհարումներու հետեւանքով 1 փետրուարէն ի վեր զոհուածներու թիւը հասած է 459-ի: 29 Մարտին այդ մասին իր Թուիթըրով յայտնած է Միանմարի Քաղաքական բանտրակեալներու օգնութեան միութիւնը:

Միութեան տուեալներով՝ 1 փետուարէն ի վեր ձերբակալուած է 2 559 քաղաքացի, իսկ 119-ին նկատմամբ տրուած է կալանագիր: Աւելի վաղ The Irrawaddy հրատարակութիւնը յայտնած է, որ 27 մարտին Միանմարի տարբեր քաղաքներու բողոքի հաւաքները ցրելու ատեն զոհուած է առնուազն 102 մարդ:

Յիշեցնենք, որ Միանմարի զինուորականները 1 փետրուարին յայտարարած են մէկ տարիով արտակարգ դրութիւն սահմանելու եւ երկրի ղեկավարութիւնը պաշտօնանկ ընելու մասին: Բանակի ներկայացուցչիները այդ բացատրած են 2020 թուականի նոյեմբերին կայացած ընտրութիւններուն տեղի ունեցած կեղծարարութիւններով: Զինուորականները կազմած են նախարարներու նոր կազմ: Հանրապետութեան բնակիչները փետրուարի սկիզբէն ի վեր փողոց իջած են հակազինուորական բողոքներով, որոնք խստօրէն կը կասեցուին անվտանգութեան ուժերու կողմէն:

Քաղուած Արեւելք էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2021, 07:57