Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանն ու Լիբանանցիները փրկելու երթը վճռակամութեամբ պիտի շարունակենք»

Մեծն Լիբանանի երկրորդ հարիւրամեակը կ՛ենթադրէ Լիբանանը հիմնել ոչ թէ գետնի վրայ, այլ մեր խիղճերուն մէջ», շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր Պքերքէի մէջ նախագահեց Աւետման տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին նշուեցաւ նաեւ անոր պատրիարքութեան ստանձնումի 10-ամեակը:

Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ ինք տասնամեայ իր գործունէութեան ընթացքին առաջնորդուած է գործակցութեան եւ սիրոյ սկզբունքներով` իր պատրիարքութեան գահակալութեան կարգախօսին համաձայն:

Ունկնդրէ լուրը

Ան պահանջեց Լիբանանը զերծ կացուցել եւ չէզոքացնել միջինարեւելեան տագնապներէն ու պատերազմներէն, որոնք պատճառ դարձան Լիբանանի երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն յետաձգումին, սահմանադրութեան գործադրութիւնը արգելակեցին, պետական հաստատութիւնները անդամալուծեցին, ահաբեկչութեան դիմաց զետեղեցին երկիրը, սակայն մեր բանակը յաղթեց ահաբեկչութեան, պատճառ դարձան, որ Լիբանան արաբներէն եւ աշխարհէն հեռանայ, սակայն տիրեց փտածութիւն եւ Լիբանան տնտեսապէս փուլ եկաւ, իսկ «Քորոնա»-ի համաճարակն ու Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը աւելի եւս կործանեցին երկիրը:

«Օր մը օրանց չէինք պատկերացներ, որ Արեւելքի փարոս եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման օրրան Լիբանանը այս վիճակին կրնայ հասնիլ եւ իր որոշումին օրինականութիւնը լքելով այս կամ այն առանցքին միջեւ խաղին պատանդը դառնալ: Չէինք պատկերացներ, որ հարիւր տարուան ժողովրդավարական գոյատեւումէն ետք, լիբանանեան պետութիւնը կը ձախողի կազմել կառավարութիւն մը: Լիբանանն ու լիբանանցիները փրկելու երթը վճռականութեամբ պիտի շարունակենք, առանց յուսալքուելու: Կոչ կ՛ուղղենք, որ հանրապետութեան նախագահն ու նշանակուած վարչապետը վերսկսին խորհրդակցութիւններուն` կազմելու համար Ազգային ուխտին եւ սահմանադրութեան ոգիին համապատասխանող կառավարութիւն մը», հաստատեց ան:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Լիբանանը` իբրեւ քաղաքացիական պետութիւն, կը պատկանի բոլոր լիբանանցիներուն` իսլամ եւ քրիստոնեայ: «Լիբանանի պահպանումը հաւաքական պատասխանատուութիւն է, որ կը դրսեւորուի Լիբանանի միասնականութեան եւ ինքնութեան պահպանումով: Մեծն Լիբանանի երկրորդ հարիւրամեակը կ՛ենթադրէ Լիբանանը հիմնել ոչ թէ գետնի վրայ, այլ մեր խիղճերուն մէջ», շեշտեց ան:

Ս. պատարագի աւարտին, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերի կարդաց Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ Ռայի պատրիարքին ուղղուած շնորհաւորագիրը, որուն մէջ նշուած էին պապին բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնները` Ռայի պատրիարքին ստանձնած առաքելութեան եւ անոր շարունակութեան առումով:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2021, 08:45