Վիրաբուժներ Վիրաբուժներ 

Ստեփանակերտի մէջ հայ բժիշկներ փրկած են ատրպէյճանցիի կեանքը

Հիւանդը ապա տեղափոխած են Պաքու:

Սրտի կաթուածով ատրպէյճանցին տեղափոխուած է Ստեփանակերտի հանրապետական հիւանդանոց, ուր ենթարկուած է սրտի վիրահատութեան՝ պսակաձեւ անօթներու սթենթաւորման, յայտնած է «Sputnik Արմենիա»-ն՝ վկայակոչելով տեղեկատուական աղբիւրին:

Ուրբաթ օր, համացանցով տեղեկութիւն յայտնուած է այն մասին, որ Ստեփանակերտի հիւանդանոցի բաժանմունքներէն մէկուն մէջ կը կատարուի ատրպէյճանցի վարորդի բուժում, որ բերուած է խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ հիւանդանոցի ղեկավարութիւնը հրաժարած են մեկնաբանութիւններ կատարել՝ առաջարկելով դիմել պաշտպանութեան նախարարութիւն:

Ներկայիս յայտնի է, որ հիւանդը տեղափոխած են Պաքու:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2021, 08:19