Լիբանան հետզհետէ կը մօտենայ ամբողջական փլուզումի մակարդակին Լիբանան հետզհետէ կը մօտենայ ամբողջական փլուզումի մակարդակին 

Լիբանան հետզհետէ կը մօտենայ ամբողջական փլուզումի մակարդակին

Անցեալ շաբաթ գարուն էր, այսօր` Աւետման տօն, կիրակի` Ծաղկազարդ, սակայն երեւութապէս տեղքայլի մէջ երեւցող երկիրը հետզհետէ կը մօտենայ ամբողջական փլուզումի մակարդակին` շարունակուող սղաճով, որուն նորագոյն նուաճումը մէկ կապ լիբանանեան հացի (960 կրամ) սակին 3.000 լ. ոսկիի հասնիլն էր, իսկ 445 կրամ կշռող մէկ կապ լիբանանեան հացինը` 2.000 լ. ոսկիի:

Լիբանանի մէջ անհեռանկար իրավիճակը ընթացքի մէջ է, դրական ոչ մէկ երեւոյթ կայ:

Աստուածածնայ Աւետման տօնի նախօրեակին լիբանանցիներուն մէկ մասը կը սպասէր նոր կառավարութեան կազմութեան` զայն նկատելով աւետում:

Մէկ մասը կ՛ըսենք, որովհետեւ ժողովուրդին մէջ կայ այլ մաս մը, որ իր յոյսը լրիւ կորսնցուցած է Լիբանանի վերականգնումին գծով:

Անցեալ շաբաթ գարուն էր, այսօր` Աւետման տօն, կիրակի` Ծաղկազարդ, սակայն երեւութապէս տեղքայլի մէջ երեւցող երկիրը հետզհետէ կը մօտենայ ամբողջական փլուզումի մակարդակին` շարունակուող սղաճով, որուն նորագոյն նուաճումը մէկ կապ լիբանանեան հացի (960 կրամ) սակին 3.000 լ. ոսկիի հասնիլն էր, իսկ 445 կրամ կշռող մէկ կապ լիբանանեան հացինը` 2.000 լ. ոսկիի:

Միւս կողմէ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար երէկ շարունակեց հարցաքննութիւնները պատասխանատուներու, որոնց շարքին էին նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Հասան Քրայթեմ, նաւահանգիստի գործառնութեանց տնօրէն Սամեր Ռաատ, ապրանքներու եւ պահեստանոցներու պատասխանատու Մուսթաֆա Ֆարշուխ եւ նաւահանգիստի հսկող պահակներու տնօրէն Մոհամետ Աուֆ:

Նշենք, որ Պիթար երէկ հարցաքննած էր նաեւ արգելափակուած սպաներ Ժոզեֆ Նըտտաֆը, Անթուան Սալլումը, Տաուտ Ֆայեատը եւ Շարպել Ֆաուազը, ինչպէս նաեւ տասը ուրիշներ, որոնք նաւահանգիստի նորոգութեան բաժինի աշխատաւորներ են:

Այսպիսով, Պիթար հարցաքննած կ՛ըլլայ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին յանցանքով ձերբակալուած 25 ամբաստանեալներէն 18-ն:

Պիթար վաղը` ուրբաթ, 26 մարտ 2021-ին  պիտի շարունակէ հարցաքննութիւնները. հարցաքննուողներուն մէջ պիտի ըլլայ մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Պատրի Տահեր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2021, 08:03