Բողոքի ցոյցեր Բողոքի ցոյցեր 

Մինչ տոլարը կը Հասնի 14.000-ի սեմին, բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին, իսկ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ տեղքայլի մէջ

առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ցուցարարները տարբեր շրջաններու մէջ հրկիզուող անիւներով փակեցին մայրուղիներ, ներքին փողոցներ, հրապարակներ` պահանջելով լուծել երկրին տնտեսական տագնապն ու սղաճը:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի նշանակումէն 145 օր ետք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը շարունակէ մնալ տեղքայլի մէջ` առանց յառաջդիմութեան քայլ մը արձանագրելու նշոյլի մը իսկ գոյութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներուն լուծման բացակայութեան զուգահեռ, լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ երէկ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան` փակելով տարբեր շրջաններու մայրուղիներն ու ճամբաները:

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ցուցարարները տարբեր շրջաններու մէջ հրկիզուող անիւներով փակեցին մայրուղիներ, ներքին փողոցներ, հրապարակներ` պահանջելով լուծել երկրին տնտեսական տագնապն ու սղաճը:

Ցուցարարներէն ոմանք կոչ ուղղեցին իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հեռանալու իրենց պաշտօններէն եւ դատավարութեան ենթարկելու փտածները: Անոնք բողոքեցին սղաճին, աղքատութեան, հետզհետէ վատթարացող տնտեսական կացութեան եւ լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին դէմ:

Այս շրջագիծին մէջ առաւօտ կանուխ հիւսիսային Լիբանանի մէջ փակուեցան Հալպայի եւ Ապտէի հրապարակները, Պըրժ Արապը, Ուատի Ժամուսը, Փալմայի մայրուղին, Սալամ կամուրջը, Հայքալիէն, Պըտտաուին, Պըհսասը եւ Թրիփոլիի բոլոր ճամբաները, յատկապէս Ապտել Համիտ Քարամէ հրապարակը, Զղարթան եւ Այրունիէ-Մընիէ-Արաման ճամբան:

Երեկոյեան, երբ տոլարի գինին արձանագրած աճը հասաւ 14.000 լիբ. ոսկիի սեմին, հերթաբար փակուեցան Ժիպէյլի, Տորայի, Ժալ էլ Տիպի, Նաամէի, Զուքի, Ժիէի մայրուղին` Պարժայի կից, Աքքարի մայրուղին փակուեցաւ աւազապարկերով, Փալմայի մայրուղիին վրայ ցուցարարները քարէ պատ մը հիւսեցին: Փակուեցան նաեւ Շուէյֆաթի ճամբան, ինչպէս նաեւ Խալտէի, Պաթրունի եւ Տէյր Աամարի մայրուղիները, ինչպէս նաեւ Սայտայի Ռիատ Սոլհ փողոցն ու Սուրի մայրուղին, Ապպասիէի խաչմերուկին կից, ուր երիտասարդ մը փորձեց հրկիզել ինքզինք, սակայն Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը անմիջապէս փրկեցին զայն:

Պեքաայի մէջ փակուեցան Զահլէի հրապարակը, Քապ Էլիասը, Ժտիթան, Սաատնայէլը, Մարժը, Ժըպ Ժըննինը, Թաալպայան, Ռայաքը, Պաալպեքը, Ժալալան եւ Շթորան:

Նշենք, որ Ժիրահիէի արաբ ցեղախումբին եւ Պար Էլիասի բնակիչներուն միջեւ արձանագրուեցաւ կռիւ մը` ճամբաները փակելու պատճառով, եւ կռիւը վերածուեցաւ զինեալ բախումի, որ հակակշիռի տակ առնուեցաւ լիբանանեան բանակին կողմէ: Արձանագրուեցան վիրաւորներ:

Ցուցարարները փակեցին նաեւ Նահատակաց հրապարակը, Կեդրոնական Պէյրութի մուտքերը, Կեդրոնական դրամատան ճամբան` Համրա, Քոլան, Քասքասը, Պարպիրը, Քոռնիշ Մազրաան, Մարզական աւանը, Սելիմ Սլամը, Մուլլան, Քարաքոլ տրուզը, Ուզահի-Ժնահ ճամբան եւ Թալլեթ Խայեաթը:

Լիբանանեան դրամանիշին արձանագրած անկումին պատճառով սննդեղէն վաճառող կարգ մը վաճառատուներ նախընտրեցին փակել իրենց դռները` պահանջելով պետութենէն որոշել լիբանանեան դրամանիշի յստակ սակ մը:

Նշենք, որ դեղագործները իրենց կարգին հնչեցուցին վտանգի փողերը` պահանջելով մշակել դեղորայքի մարզի փրկութեան ծրագիր մը:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2021, 09:37