Ռայի Պատրիարքը իր այցելուներուն հետ քննարկեց Լիբանանեան իրադարձութիւնները
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, որ հանդիպումին աւարտին յայտնեց, թէ լիբանանեան բանակի հրամանատարին երէկուան յայտարարութիւնները կ՛ամբողջացնեն Ռայի պատրիարքին խօսքերն ու յայտարարութիւնները:
«Լիբանանեան բանակի հրամանատարին յայտարարութիւնը խղճի ճիչ մըն էր, եւ մենք կը զօրակցինք անոր` լիբանանեան միասնականութեան պահպանումին առումով», շեշտեց Ժեմայէլ:
Ան նկատել տուաւ, որ իրենց համար յստակ է լիբանանեան բանակին ի գործ դրած հսկայ զոհողութիւնները` պահպանելու համար Լիբանանը, եւ բանակի հրամանատարին մօտ կարելի է շօշափել բանակին հանդէպ անոր մտավախութիւնը: «Կը մաղթեմ, որ լիբանանցի պատասխանատուները արթննան եւ սթափին բանակի հրամանատարին արտասանած վտանգաւոր եւ իրաւացի խօսքերէն», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ հաստատեց նաեւ, որ Ռայի պատրիարքին պահանջած միջազգային խորհրդաժողովը Լիբանանին նոր հոգատարութիւն ապահովելու շրջագիծին մէջ չ՛իյնար:
Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Թոնի Ֆրենժիէ եւ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն:
Քաղուած «Ազդակ» էն