Նատիա Մուրատը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ (2017) Նատիա Մուրատը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ (2017) 

Նատիա Մուրատ. Քահանայապետը Իրաքի մէջ յոյսի նշան՝ բոլոր փոքրամասնութիւններուն համար

Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Նատիա Մուրատին հարցազրոյցը Վատիկանի Հաղորդամիջոցներուն հետ Քահանայապետին Իրաք կատարած առաքելական ճամբորդութեան մասին. Խաղաղ ապագայի համար յոյս ու պայքար Եզտի ժողովուրդին գոյատեւման համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Հաղորդակցութեան գերատեսչութեան  Խմբագրական բաժանմունքի փոխ տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի հարցազրոյց մը վարեց Եզտի ժողովուրդին մաս կազմող ու անոնց խորհրդանիշը դարձած տիկին Նատիա Մուրատին հետ, որ 2014 թուականին բազմաթիւ այլ Եզտի կիներուն հետ միասին առեւանգուեցաւ այդպէս կոչուած Իսլամ Պետութեան զինեալներու կողմէ թիրախ դառնալով ահաւոր տառապանքներու ու բռնութիւններու, ինչպէս եղաւ իր ժողովուրդէն շատերուն ճակատագիրը։

Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր

Նատիան սակայն չի վհատեցաւ եւ հազիւ փրկուած սկսաւ պայքար մղել ի նպաստ իր Ժողովուրդի գոյատեւումին արժանանալով նաեւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակին ու դառնալով Եզտի ժողովուրդին ձայնը համայն աշխարհին մէջ։

Հանդիպում Ֆրանչիսկոս Պապին հետ

2018 թուականին ան առիթը ունեցաւ հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ եւ այսօրուայ հարցազրոյցին մէջ կը խօսի Քահանայապետին Իրաք կատարած առաքելական այցելութենէն յուսալի պտուղներու մասին ու կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հասարակութեան օրինակ առնելու Ֆրանչիսկոս Պապէն ու ջանք չի խնայելու ազատագրելու համար տակաւին ժիհատիսթներու ձեռքերուն մէջ գտնուող Եզտի բազմաթիւ կիները։

Իրաքի ապրած պատմական ժամանակաշրջանը

Խօսելով Քահանայապետին Իրաք այցելութեան մասին Նատիա Մուրատը պատմական նկատեց ոչ միայն Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւնը այլեւ Իրաքի Ժողովուրդին ապրած այս ժամանակաշրջանը, ցեղասպանութիւններէ, հալածանքներէ, ու տասնեակ տարիներու հակամարտութիւններէ ետք։

Բոլոր իրաքցիները անկ արժանի են նոյն մարդկային արժանապատուութեան

«Սրբազան Պապին այցը ի յայտ դրաւ խաղաղութեան ու կրօնական ազատութեան ուժականութիւնը։ Ան բացայայտեց թէ բոլոր իրաքցիները անկախ իրենց հաւատքէն արժանի են նոյն մարդկային արժանապատուութեան։ Նորին Սրբութիւնը յստակ պատգամ մը ուղղեց, որով յայտնեց թէ Իրաքեան հասարակութեան միջ կրօնական հիւսուածքի դարմանը պէտք է սկսի փոքրամասնութիւններու հոգատարութեան աջակցութենէն, ինչպէս են Եզտիները, որոնք առարկայ դարձան բազմաթիւի բռնութիւններու եւ խտրականութեան», ըսաւ ի մէջ այլոց Նատիա Մուրատը հարցազրոյցի ընթացքին իր երախտագիտութիւնը արտայայտելով Ֆրանչիսկոս Պապին Եզտիները պաշտպանելուն համար ու զայն նկատելով օրինակ՝ շրջանի կրօնական ղեկավարներուն, որպէսզի իրենց կարգին ընդլայնեն հանդուրժողականութեան պատգամը կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։

Նատիա Մուրաատին գիրքը պատճառ Քահանայապետին Իրաք այցելութեան

Իրաքէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին Սրբազան Պապը լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին յայտնեց թէ ինք կարդացած էր Նատիա Մուրատին գիրքը ու թէ այդ մէկը շարժառիթ հանդիսացած էր Իրաք ճամբորդութեան որոշումին։

Եզտի ժողովուրդը կարիք ունի օգնութեան

Նատիա Մուրատը անդրադարձաւ նաեւ Եզտի ժողովուրդի քաջութեան մասին ու անոնց կրած անասելի չարչարանքներու մասին հաստատելով,  որ անոնք կարող չեն այսօր վերականգնել եւ իրենց կեանքը վերակառուցել առանձին ու թէ Եզտի հասարակութիւնը կարիքը ունի աջակցութեան եւ կենսամիջոցներուն։ Այս ուղղութեամբ Նատիան հիմնած է “Nadia’s Intitiative” կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն է օգնել բռնութեան թիրախ դարձած կիներուն ու շօշափելի օժանդակութիւն մատուցել անոնց ու Եզտի հասարակութեան։

2800 կիներ ստրուկ ժիհատիսթներուն

 Նատիա Մուրատը յայտնեց ապա թէ մինչեւ օրս 2800 կիներ տակաւին կը գտնուին անյայտ իրավիճակով եւ կամ կալանքի տակ ու այս մէկը, ըսաւ Ան, «կը բացայայտէ քաղաքականութեան կամքի պակասը պաշտպանելու կիներուն մարդկային հիմնական իրաւունքները ու անոնց անվտանգութիւնը»։

Այս առնչութեամբ Նատիան առաջարկեց բազմակողմ աշխատանքային խումբ, որուն նպատակը ըլլայ ազատել այդ կիներն ու մանուկները։

Պայքարիլ ի նպաստ կիներու իրաւունքին

Խօսելով հուսկ Եզտի կիներու դէմ գործադրուած սեռային բռնութիւններուն եւ ոտնձգութիւններուն մասին Նատիա Մուրատը խօսքը ուղղելով այդ կիներուն ուզեց ընդգծել թէ պատահածը իրենց յանցանքը չէ ու թէ պէտք է պայքարիլ այդպիսի իրականութիւններուն դէմ։ Ան ապա աւելցուց «դուք միայնակ չէք» ու թէ «եթէ բոլոր կիները միանան ու պայքարին իրենց իրաւունքներուն համար փոփոխութիւնը կը դառնայ անկասելի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2021, 13:00