Human Rights Watch-ը դատապարտեց հայ գերիներուն նկատմամբ Պաքուի դաժան վերաբերմունքը Human Rights Watch-ը դատապարտեց հայ գերիներուն նկատմամբ Պաքուի դաժան վերաբերմունքը 

Human Rights Watch-ը դատապարտեց հայ գերիներուն նկատմամբ Պաքուի դաժան վերաբերմունքը

Ատրպէյճան պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ մնացած բոլոր ռազմագերիները եւ քաղաքայինները, որոնք բանտարկուած են, եւ տեղեկութիւններ տայ զինուորականներուն ու քաղաքայիններուն գտնուած վայրին մասին։
Ունկնդրէ լուրը

ՊԵՐԼԻՆ.- Ատրպէյճանական ուժերը հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ դրսեւորած են դաժան եւ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերմունք ու խոշտանգած են զանոնք՝ գերի բռնելու, փոխանցելու կամ բանտարկութեան ընթացքին, նշուած է Human Rights Watch-ի յայտարարութեան մէջ:

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է լրջօրէն հետաքննեն դաժան վերաբերմունքի մասին բոլոր պնդումները եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկեն: Ատրպէյճան նաեւ պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ մնացած բոլոր ռազմագերիները եւ քաղաքայինները, որոնք բանտարկուած են, եւ տեղեկութիւններ տայ զինուորականներուն ու քաղաքայիններուն գտնուած վայրին մասին։

«Ձերբակալուած հայ զինուորներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը, ներառեալ խոշտանգումները, նողկալի ռազմական ոճիր է», ըսաւ Human Rights Watch-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերու տնօրէն Հիւ Ուիլիըմսըն՝ աւելցնելով. «Խորապէս մտահոգիչ է նաեւ այն, որ քանի մը հայ զինուորներ չեն գտնուած, հակառակ անոր, որ անոնք վերջին անգամ տեսնուած են Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած»:

Human Rights Watch-ը զրուցած է չորս նախկին ռազմագերիներու հետ, որոնք մանրամասնօրէն պատմած են իրենց եւ այլ ռազմագերիներու հանդէպ դաժան վերաբերմունքին մասին:

Համացանցի վրայ տեղադրուած են տասնեակ տեսանիւթեր, որոնց մէջ ատրպէյճանցի սպաները դաժանօրէն կը վարուին հայ ռազմագերիներու հետ:

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է ապահովութիւն տան, որ հայ ռազմագերիները եւ բանտարկուած այլ անձեր օգտուին պաշտպանութեան բոլոր միջոցներէն, եզրակացուց կազմակերպութիւնը:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2021, 07:56