Ղարաբաղեան պատերազմին վիրաւորուած է շուրջ 11 հազար զինուոր Ղարաբաղեան պատերազմին վիրաւորուած է շուրջ 11 հազար զինուոր 

Ղարաբաղեան պատերազմին վիրաւորուած է շուրջ 11 հազար զինուոր, 885 ուրիշներ՝ հաշմանդամ դարձած

2 տոկոսը լուրջ վնասուածքներ ստացած է, 7 տոկոսը` ծանր, 55 տոկոսը՝ թեթեւ վնասուածքներ
Ունկնդրէ լուրը

Շուրջ 11 հազար հայ զինուոր վիրաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի զինուած ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան պետի տեղակալ Գեղամ Փաշիկեան:

Ըստ անոր՝ անոնցմէ 2 տոկոսը լուրջ վնասուածքներ ստացած է, 7 տոկոսը` ծանր, 55 տոկոսը՝ թեթեւ վնասուածքներ: 885 զինուոր հաշմանդամ դարձած է: Ներկայիս կը բուժուի շուրջ 1500 զինուոր:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2021, 07:55