Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 

Ծաղկազարդի Տօնը` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ

«Քրիստոս պատգամեց բոլոր Ժամանակներուն մարդոց` մի՛ Վախնաք, մի՛ յուսահատիք, միա՛յն հաւատացէք» յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, կիրակի, 28 մարտ 2021-ի առաւօտուն հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ` Ծաղկազարդի տօնը, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Տօնին աւանդութեան համաձայն, վեհափառ հայրապետը կ՛օրհնէ մանուկները եւ իր հայրական խօսքը կ՛ուղղէ հաւատացեալ ժողովուրդին: Արդարեւ, հայրապետական թափօրը մայր տաճարէն ուղղուեցաւ մայրավանքի շրջափակ, ուր վեհափառ հայրապետը վեհարանի մուտքին իր հայրական խօսքը ուղղեց հաւատացեալներուն: Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը յայտնեց, որ այնպէս ինչպէս Ծաղկազարդի օրը ժողովուրդը Յիսուսը դիմաւորեց Երուսաղէմի մէջ, նոյնպէս ալ հաւատացեալներս այսօր մեր եկեղեցւոյ ճամբով Քրիստոսը կը դիմաւորենք: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ տագնապներով լեցուն աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք, հետեւաբար որեւէ ժամանակէ աւելի կարիքը ունինք հաւատքով շաղախուած յոյսին: Քրիստոս պատգամեց բոլոր ժամանակներուն մարդոց` մի՛ վախնաք, մի՛ յուսահատիք, միա՛յն հաւատացէք: Մեր ժողովուրդը հաւատաց պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց, յուսաց, միշտ յոյսը վա՛ռ պահեց նոյնիսկ իր կեանքի ամէնէն դառն պայմաններուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը, շարունակելով իր խօսքը, յորդորեց հաւատացեալները հզօրացնելու իրենց յոյսը` նայելով Երուսաղէմ մուտք գործող Աստուծոյ Որդւոյն, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` խնդրելով Անոր ողորմութիւնը. «Աղօթենք, որպէսզի մեր կեանքը լեցուի Քրիստոսի ներկայութեամբ, ծաղկազարդուի Քրիստոսի աշխարհ բերած հաւատքով ու յոյսով: Ահաւասիկ, ա՛յս յոյսով եկէք դիմաւորենք Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ»:

Նշենք, որ Ս. եւ անմահ պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Օշական արք. Չօլոյեան: Ան իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ աստուածային ծրագիրին մաս կը կազմէր, որովհետեւ Աստուած Ինք` իբրեւ սիրոյ Թագաւոր, կու գար Իր պատգամը բերելու մարդկութեան. Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ Իր Որդին տուաւ, որպէսզի մարդը յաւիտենական կեանք ունենայ, իսկ Քրիստոս` երեք տարի աստուածաշնչական փառքը տալէ ետք ժողովուրդին, կամաւորապէս եկաւ Երուսաղէմ` խաչի մահով Ինքզինք զոհաբերելու, որպէսզի մենք արժանի ըլլանք յարութեան, յայտնեց Սրբազանը:՚

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2021, 13:32