Ղարաբաղի մէջ պատերազմի աւերակներ Ղարաբաղի մէջ պատերազմի աւերակներ 

Եւրոպական խորհրդարանը հաստատած եւ դատապարտած է Արցախեան պատերազմին ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ Սուրիացի վարձկաններու օգտագործումը

Բանաձեւի բնագիրին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Ըստ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու` Թուրքիան սուրիացի վարձկանները տեղափոխած է Լեռնային Ղարաբաղ:

Եւրոպական խորհրդարանի` սուրիական տագնապին վերաբերեալ 11 մարտի բանաձեւը յստակօրէն կը հաստատէ այն փաստը, որ Թուրքիան Սուրիայէն վարձկաններ փոխադրած է Արցախ: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը:

Բանաձեւի բնագիրին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Ըստ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու` Թուրքիան սուրիացի վարձկանները տեղափոխած է Լեռնային Ղարաբաղ:

«Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղենք` դուրս բերելու զօրքերը հիւսիսային Սուրիայէն, որ ան ապօրինաբար բռնագրաւած է… կը դատապարտենք Թուրքիոյ մէջ սուրիացի քիւրտերու ձերբակալութիւնն ու դատապարտումը… մտահոգութիւն կը յայտնենք, որ թրքական զօրքերու տեղաշարժը կրնայ պատճառ հանդիսանալ քիւրտերու ցեղային զտումներու համար, կ՛ընդգծենք, որ Թուրքիոյ ապօրինի ներխուժումն ու բռնագրաւումը կը վտանգեն Սուրիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ խաղաղութիւնը: Կտրուկ կերպով կը քննադատենք Թուրքիոյ կողմէ սուրիացի վարձկաններու օգտագործումը Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչ որ միջազգային օրէնքի արժեչափերու խախտում է», կը նշուի Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին մէջ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2021, 12:15