Բժիշկ Սահակ Քէշիշեան Բժիշկ Սահակ Քէշիշեան 

Լիբանանահայ նուիրեալ բժիշկ ՝ տօքթ. Սահակ Քէշիշեան զոհ՝ «Քորոնա»ի

Սահակ Քէշիշեան ծնած է 1963-ին, սրտաբան է: Ստանձնած է Լիբանանեան-քանատական հիւանդանոցին սրտի բաժանմունքին նախագահութիւնը, Տահր Էլ Պաշեք պետական հիւանդանոցի առողջապահական տնօրէնի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ անդամակցած լիբանանցի եւ եւրոպացի սրտաբաններու միութիւններուն

Պէյրութի մէջ «Քորոնա» վարակի զոհ դարձած է լիբանանահայ բժիշկ ՝տօքթ. Սահակ Քէշիշեան ։

Լիբանանահայ բժիշկը վարակի տարածման առաջին օրերէն սկսեալ նուիրական գործունէութիւն ծաւալելով մեծ ջանք տարած է կանխարգիլելու համար մահաբեր վարակին տարածումը։

Հայ Կաթողիկէ համայնքի  զաւակ Քէշիշեան  ծնած էր 1963-ին Լիբանան։ Ան   բժշկութիւն ուսանած է Հայաստանի մէջ  ու ապա, որպէս բժիշկ  գործած է Լիբանանի  մէջ։   Ան անդամ էր՝   ՀՅԴ  «Մարուխեան » կոմիտէութեան,  Լիբանանահայ  բժշկական միութեան վարչութեան եւ   Մարաշի հայրենակցական  միութեան ։

Բժիշկ Քէշիշեան, եղած է անդամ ՀՅԴ-ի եւ երեւելի գործունէութիւն ծաւալած է, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի, Պէյրութի քաղաքապետարանի շրջանակներուն եւ թէ ալ դառնալով անդամ Տահր Ալ Պաշէք հիւանդանոցի տնօրէն խորհուրդին։

Համայնքի անդամներուն կողմէ սիրուած եւ յարգուած բժիշկը միշտ ալ պատրաստակամութիւն ցուցաբերած է օգնելու եւ օգտակար ըլլալու իր հայրենակիցներուն։

Հանգուցեալը, որպէս գաղափարական մարտիկ եւ մարդասէր բժիշկ միշտ ալ պիտի յիշուի լիբանանահայ գաղութի ազգային-կուսակցական շրջանակներուն կողմէ։

Պէյրութի նահանգապետ դատախազ Մարուան Ապպուտ, Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանի եւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամները խոր վիշտով կը գուժեցին Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, ընդհանուր առողջապահութեան յանձնախումբի նախագահ բժիշկ Սահակ Քէշիշեանի մահը, որ պատահեցաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառած բարդութիւններուն պատճառով:

«Պէյրութը եւ իր քաղաքապետական խորհուրդը կը կորսնցնեն բժիշկ Սահակ Քէշիշեանը, որ սիրուած բարեկամ էր: Սահակ Քէշիշեան ծնած է 1963-ին, սրտաբան է: Ստանձնած է Լիբանանեան-քանատական հիւանդանոցին սրտի բաժանմունքին նախագահութիւնը, Տահր Էլ Պաշեք պետական հիւանդանոցի առողջապահական տնօրէնի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ անդամակցած լիբանանցի եւ եւրոպացի սրտաբաններու միութիւններուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Քաղուած «Ազդակ»էն եւ «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2021, 08:15