ԱՄՆ քոնկրէսի գմբէթը ԱՄՆ քոնկրէսի գմբէթը  

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Ազրպէյճանին կոչ ուղղած են անյապաղ ազատ արձակելու Հայ գերիները

Ազրպէյճանը կը կեղծէ պատերազմական գերիներու կարգավիճակը` փորձելով արդարացնել զանոնք գերի պահելու իր ցանկութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահներ Էտըմ Շիֆը, Կաս Պիլիրաքիսը, Ֆրանք Փալոնը, Տէյվիտ Վալատոն եւ Ճեքի Սփիրը 16 մարտին ներկայացուցած են բանաձեւ մը, որ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2020 թուականի պատերազմի ընթացքին գերեվարուած բոլոր պատերազմական գերիները եւ քաղաքայինները: Բանաձեւին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Ներկայացուցիչներու տան 31 անդամներ:

Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ 9 նոյեմբերին Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ստորագրած եռակողմ յայտարարութեամբ կողմերը կը պարտաւորուէին ազատ արձակել բոլոր գերիները, եւ թէեւ Հայաստանը ամբողջութեամբ կատարած է իր պարտականութիւնը, Ազրպէյճանը կը կեղծէ պատերազմական գերիներու կարգավիճակը` փորձելով արդարացնել զանոնք գերի պահելու իր ցանկութիւնը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2021, 09:12