Իտալիոյ Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Արցախի մասին փաստաթուղթով կոչ կ՛ուղղէ` վերադարձնելու բոլոր պատերազմական գերիները
Իտալիոյ խորհրդարանի Երեսփոխաններու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը միաձայնութեամբ որդեգրած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ փաստաթուղթը, որով կոչ կ՛ուղղուի` անյապաղ վերադարձնելու պատերազմի պատճառով պատերազմական գերի դարձած բոլոր անձերը: Բանաձեւը Երեսփոխաններու պալատին ներկայացուցած է յանձնախումբի նախագահ Փիեռօ Ֆասինօ:
Բանաձեւի բնագիրին մէջ կը նշուի, որ անիկա կառավարութեան կը պարտաւորեցնէ կոչ ուղղել` ազատ արձակելու բոլոր պատերազմական գերիները, խրախուսելու կողմերը կառուցողական կերպով ձգտիլ նպաստելու տարածքներու ականազերծման` անոնց կոչ ուղղելով իրարու տրամադրել ականապատ տարածքներու քարտէսները: Կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի նաեւ ԵԱՀԿ-ի, ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան համապատասխան հարթակներուն մէջ աջակցելու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան ամբողջական կատարման:
Ըստ բանաձեւին, Իտալիոյ կառավարութիւնը նաեւ պէտք է Մինսքի խմբակի համանախագահին կոչ ուղղէ` աջակցելու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններուն, որոնք կը ձգտին շրջանին մէջ խնդիրի վերջնական լուծման: Կը նախատեսուի, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը երկու երկիրներու հաշտեցման եւ բանակցութիւններու վերսկսման համար պէտք է օգտագործէ անոնց հետ գոյութիւն ունեցող գերազանց յարաբերութիւնները:
Աւելի՛ն, նկատի ունենալով երկու կողմերուն հետ Իտալիոյ ունեցած հոյակապ յարաբերութիւնները, ան նաեւ պէտք երկկողմանի ձեւաչափով միջամտէ անոնց կառավարութիւններուն մօտ` ջատագովելու համար այլ «վստահութեան կառուցման քայլեր», որոնք պայմաններ կը ստեղծեն ապագայ հաշտութեան եւ բանակցութիւններու վերսկսման:
Քաղուած «Ազդակ » էն