Փութին զրոյցներ ունեցաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ Փութին զրոյցներ ունեցաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ 

Փութին զրոյցներ ունեցաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ

Ըստ Քրեմլինի՝ «Իիլհամ Ալիեւ եւ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատեցին շփման գիծին երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու անձնակազմի գործողութիւններու արդիւնաւէտութիւնը»:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 11 եւ 12 Մարտին, հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հետ:

«Քննուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հարցով պայմանաւորուածութիւններու իրականացման գործնական երեսները, որոնք արձանագրուած են 9 Նոյեմբեր 2020ի  եւ 11 Յունուար 2021ի եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ», կ՛ըսուի Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: Անոր մէջ ռուսական կողմը գոհունակութեամբ կ՛արձանագրէ, որ զինադադարը «անշեղօրէն կը պահպանուի, իսկ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն եւ հանգիստ է»:

Ըստ Քրեմլինի՝ «Իիլհամ Ալիեւ եւ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատեցին շփման գիծին երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու անձնակազմի գործողութիւններու արդիւնաւէտութիւնը»:

Զրոյցներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրական եւ տնտեսական կապերու ապարգելափակման վերաբերող հարցերուն եւ դրական համարուեցաւ երեք երկիրներու փոխվարչապետերուն համանախագահութեամբ աշխատանքային խմբակի գործունէութիւնը: Նաեւ միտքեր փոխանակուեցան նաեւ ռուս-ատրպէյճանական ու ռուս-հայկական համագործակցութեան արդիական հարցերու շուրջ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2021, 10:35