Արցախի Ազգային ժողով Արցախի Ազգային ժողով 

Արցախի պաշտօնական լեզուներն են` գրական Հայերէնը եւ Ռուսերէնը

27 թեր, 2 ձեռնպահ քուէներով օրէնքի փոփոխութիւններու նախագիծը ընդունուեցաւ:

25 մարտին տեղի ունեցած Արցախի Ազգային ժողովի լիագումար նիստը ընդունեց օրէնքի նախագիծ մը, ըստ որուն 25 մարտ 2021-էն սկսեալ Արցախի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուները պիտի ըլլան գրական հայերէնն ու ռուսերէնը:

Քննարկման լայն առարկայ դարձած օրէնքի նախագիծը բազմաթիւ բացասական արձագանգներ ունեցաւ եւ նկատուեցաւ «անտեղի քծնանք ու Արցախի հայկականութեան սպառնացող երեւոյթ»: Քուէարկութեան օրը համահեղինակներէն Մետաքսէ Յակոբեան յայտարարեց, որ կը հրաժարի համահեղինակ ըլլալէ եւ պիտի չմասնակցի քուէարկութեան:

Հասարակական հնչեղութիւն ստացած նախագիծին վերաբերեալ համահեղինակները միայն մէկ հանրային քննարկում կազմակերպեցին: Հասարակութեան տարբեր շերտերու կարծիքները լուսարձակի տակ առնելու համար, կլոր-սեղան քննարկումի նախաձեռնեց նաեւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը: Այդ քննարկման ներկաները նշեցին, որ օրինագիծը լրացուցիչ ուսումնասիրութեան կարիք ունի, եւ ընդունելի չէ այդ բովանդակութեամբ վաւերացնել զայն:

Այնուհանդերձ, 27 թեր, 2 ձեռնպահ քուէներով օրէնքի փոփոխութիւններու նախագիծը ընդունուեցաւ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութիւնը ձեռնպահ քուէարկեց:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2021, 08:40