Լիբանանի Յոյն Կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսներուն հաւաքը Լիբանանի Յոյն Կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսներուն հաւաքը 

Լիբանանի Յոյն Կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսները կոչ կ՛ուղղեն կազմելու կարողութիւններով օժտուած կառավարութիւն մը

«Անհրաժեշտ կը գտնենք կազմել ատակ նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն պիտի ունենայ բարեկարգումներ կատարելու եւ երկրին դիմագրաւած ելեւմտական ու ընկերային տագնապները դիմագրաւելու»,
Ունկնդրէ լուրը

Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը երէկ նախագահեց յոյն կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսներու նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու եկեղեցական կարգ մը հարցեր:

Նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ներկաները բարձր գնահատեցին Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք կատարած այցելութիւնը` զայն նկատելով իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնները կամրջող փուլ մը, ինչպէս նաեւ դրուատեցին Լիբանան այցելելու պապին պատրաստակամութիւնը:

Յոյն կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին կազմելու կարողութիւններով օժտուած կառավարութիւն մը` շրջանցելով անոր կազմութեան հոլովոյթը արգելակող բոլոր խոչընդոտները, որոնք յարանուանական բնոյթի են եւ հայրենիքին ու քաղաքացիներուն շահերէն շատ հեռու:

«Անհրաժեշտ կը գտնենք կազմել ատակ նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն պիտի ունենայ բարեկարգումներ կատարելու եւ երկրին դիմագրաւած ելեւմտական ու ընկերային տագնապները դիմագրաւելու», հաստատեցին անոնք:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2021, 07:49