Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը երէկ նախագահեց յոյն կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսներու նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու եկեղեցական կարգ մը հարցեր:
Նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ներկաները բարձր գնահատեցին Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք կատարած այցելութիւնը` զայն նկատելով իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնները կամրջող փուլ մը, ինչպէս նաեւ դրուատեցին Լիբանան այցելելու պապին պատրաստակամութիւնը:
Յոյն կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին կազմելու կարողութիւններով օժտուած կառավարութիւն մը` շրջանցելով անոր կազմութեան հոլովոյթը արգելակող բոլոր խոչընդոտները, որոնք յարանուանական բնոյթի են եւ հայրենիքին ու քաղաքացիներուն շահերէն շատ հեռու:
«Անհրաժեշտ կը գտնենք կազմել ատակ նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որ կարողութիւն պիտի ունենայ բարեկարգումներ կատարելու եւ երկրին դիմագրաւած ելեւմտական ու ընկերային տագնապները դիմագրաւելու», հաստատեցին անոնք:
Քաղուած «Ազդակ» էն