Եւրոպական միութեան դրօշակը Եւրոպական միութեան դրօշակը 

Եւրոպական խորհրդարանի պաշտօնատարները Ազրպէյճանին կոչ ուղղած են անյապաղ ազատ արձակելու Հայ գերիները

«Անգամ մը եւս Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք` անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ կալանաւորները` 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի մասին յայտարարութեան կէտերուն համապատասխան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական խորհրդարանի Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու հարցով պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիուրանտ, Հայաստանի հարցով հիմնական զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւ եւ Ազրպէյճանի հարցով հիմնական զեկուցող Ժելիանա Զովքօ հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը` Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղելով անմիջապէս ազատ արձակելու հայ գերիները:

«Մենք լրջօրէն մտահոգ ենք Ազրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու նկատմամբ դաժան եւ բռնի վերաբերմունքի առնչուած բազմաթիւ մեղադրանքներու առնչութեամբ, որոնք փաստուած են մասնաւորաբար «Մարդկային իրաւանց դիտարան» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան վերջին զեկուցումին մէջ:

«Մենք Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը յորդորենք հետաքննելու նման բոլոր մեղադրանքները եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու մեղաւորները: Պէտք է ապահովուի միջազգային մարդասիրական իրաւունքի լիակատար յարգումը եւ խոշտանգումներու ու այլ նուաստացուցիչ կամ անմարդկային վերաբերմունքի արգիլումը:

«Միեւնոյն ժամանակ, մենք կը ցաւինք նաեւ այն փաստին առիթով, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը չէ կատարած Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի միջանկեալ միջոցը, որ Ազրպէյճանին կը պարտաւորեցնէր տեղեկութիւն տրամադրել պահուող անձերու պահպանման պայմաններուն, անոնց առողջապահական վիճակին, ինչպէս նաեւ անոնց վերադարձին համար ձեռնարկուող քայլերուն մասին:

«Անգամ մը եւս Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք` անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ կալանաւորները` 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի մասին յայտարարութեան կէտերուն համապատասխան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Քաղուած «Ազդակէ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2021, 11:08