ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպան Կարեն Նազարեան Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ պարգեւատրուեցաւ Ասպետական ուխտի Մեծ Խաչի շքանշանով ։

«Մեծ խաչ» ասպետի շքանշանը Սուրբ Աթոռի կողմէ աշխարհականներուն վերապահուած բարձրագոյն պատուոյ շքանշան է

Վատիկան Նիուզ

Հինգշաբթի 25 Մարտ 2021-ին Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարի տեղապահ` գերապայծառ էդգար Պենյա Պառայ, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով դեսպան Կարեն Նազարեանին յանձնեց Պիոս Թ-ի Ասպետական ուխտի Մեծ Խաչի շքանշանը (Cavaliere di Gran Croce dell՛Ordine Piano):

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք, որ «Մեծ խաչ» ասպետի շքանշանը Սուրբ Աթոռի կողմէ աշխարհականներուն վերապահուած բարձրագոյն պատուոյ շքանշան է։ Եւ Տիար Նազարեանին Քահանայապետական այս բարձր դասի կոչմանն արժանացնելու որոշումը կայացուց նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը, որպէս հայ դեսպանի նկատմամբ «բարեսիրութեան պաշտօնական երեւելի վկայութիւն»:

Պատասխանելով «Վատիկան նիուզ»-ի հայկական բաժնի ուղղած մէկ հարցումին, դեսպան Նազարեանը նշեց, որ «Նորին Սրբութենէն շքանշանը կ՛ընդունի երախտագիտութեան խոր զգացումով» և որ «այն պարտաւորեցնող է երկկողմ միջպետական կապերը շարունակական զարգացումն ապահովելու ուղղութեամբ առաւել ջանքեր գործադրելու համար»։

Նշենք, որ Ասպետական ուխտի Մեծ Խաչի շքանշանը Քահանայապետերուն կողմէ սկսած է շնորհուիլ 1847թ.-էն ի վեր՝ ու յատկացուած է հասարակական և հոգևոր կեանքի զարգացման գործին մէջ ներդրումներ ունեցած անձանց: Պարգևին արժանացած են թագաւորական ընտանիքներու ներկայացուցիչներ, պետութիւններու ղեկավարներ, պետական բարձրաստիճան անձինք և դեսպաններ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2021, 13:26