Քոնկրեսի շէնք Քոնկրեսի շէնք 

Քոնկրեսի շէնքին մէջ անկարգութիւնները աւելի քան 480 միլիոն տոլարի վնաս պատճառած են

Յաւելեալ 28 միլիոն տոլար ծախսուած է Ճօ Պայտընի երդման արարողութեան նախօրեակին որդեգրուած անվտանգութեան ապահովման քայլերուն համար

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի` ընտրակեղծիքներու մասին յայտարարութիւններու վերաբերեալ դատական հայցերու քննարկումը, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի շէնքին մէջ 6 յունուարին տեղի ունեցած անկարգութիւնները ամերիկացի հարկատուներուն վրայ արժած են 519 միլիոն տոլար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը:

Վկայակոչելով դաշնակցային եւ նահանգային իշխանութիւններու ծախսերու մասին տեղեկատուութիւնը` ամերիկեան օրաթերթը կը յայտնէ, որ աւելի քան 480 միլիոն տոլար ծախսուած է Ուաշինկթընի մէջ Ազգային պահակագունդի տեղակայման համար:

Յաւելեալ 28 միլիոն տոլար ծախսուած է Ճօ Պայտընի երդման արարողութեան նախօրեակին որդեգրուած անվտանգութեան ապահովման քայլերուն համար: Գումարներ ծախսուած են նաեւ տասնեակ հայցերու դատական տուրքերու, ընտրական յանձնախումբերու անդամներու պաշտպանութեան ուժեղացման, Քափիթոլ Հիլի վրայ յարձակումէն ետք նորոգութեան աշխատանքներու համար:

Օրաթերթը չի բացառեր, որ յունուարեան իրադարձութիւններու ելեւմտական հետեւանքները կրնան շատ աւելի ըլլալ, քան ինչ որ կը նշուի:

Յիշեցնենք, որ 6 յունուարին Թրամփի կողմնակիցները, չընդունելով 3 նոյեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան արդիւնքը, ըստ որոնց` յաղթանակ արձանագրած էր դեմոկրատական Ճօ Պայտընը, ներխուժած էին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնք` փորձելով չարտօնել Ծերակոյտին կողմէ արդիւնքներու վերջնական հաստատումը:

Անկարգութիւններուն պատճառով 4 մարդ սպաննուած էր: Դեմոկրատականները կատարուածի պատասխանատուն կը նկատեն Թրամփը` պահանջելով անոր հեռացումը իշխանութենէն, այդպիսի դիրքորոշում արտայայտած են նաեւ որոշ հանրապետականներ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2021, 08:21