Երկրաշարժ Երկրաշարժ 

Հայաստանի մէջ երկրաշարժ. զոհեր եւ վիրաւորներ չկան

երկրաշարժին պատճառով Հայաստանի տարածքին աւերածութիւններ, զոհեր եւ տուժածներ չեն արձանագրուած:

Ուրբաթ, 5 փետրուարին, Երեւանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 7:36-ին, Հայաստանի Շորժա գիւղէն 5 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք արձանագրուեցաւ 4,7 աստիճան երկրաշարժ:

Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտնեց, որ երկրաշարժը արձանագրուած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ` 5-6 պալ ուժգնութեամբ, Կոտայքի, Տաւուշի, Լոռիի եւ Արարատի մարզերու բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ` 4-6  պալ ուժգնութեամբ, Երեւանի մէջ` 3-4:

Վարչութիւնը նաեւ տեղեկացուց, որ երկրաշարժին պատճառով Հայաստանի տարածքին աւերածութիւններ, զոհեր եւ տուժածներ չեն արձանագրուած:

Աւելի ուշ, Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեան տեղեկացուց, որ մեծ աւերներ չեն եղած` աւելցնելով, որ շինութիւնները վնասուած են հիմնականին մէջ Շորժա եւ Արտանիշ համայնքներուն մէջ: Զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2021, 10:01