Երկրաշարժ Երկրաշարժ 

Հայաստանի մէջ երկրաշարժ. Երեւանի մէջ ցնցումի ուժգնութիւնը կազմած է 5-6 պալ

Երկրաշարժը արձանագրուած է Երեւան քաղաքին մէջ` 5-6 պալ ուժգնութեամբ, Արագածոտնի, Արարատի, Շիրակի, Արմաւիրի, Կոտայքի, Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ` 3-4 պալ ուժգնութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 13 փետրուար 2021-ին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 15:29-ին, Երեւան քաղաքէն 8 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք (Նուպարաշէն վարչական շրջանէն մօտ 2 քիլոմեթր հիւսիս) արձանագրուած է երկրաշարժ: Երկրաշարժի կեդրոնին մէջ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 6-7 պալ:

Երկրաշարժը արձանագրուած է Երեւան քաղաքին մէջ` 5-6 պալ ուժգնութեամբ, Արագածոտնի, Արարատի, Շիրակի, Արմաւիրի, Կոտայքի, Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ` 3-4 պալ ուժգնութեամբ:

Քաղուած «Ազդակ»էն։
    

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2021, 10:54