Հայ ուխտաւորներ Դադիվանք այցելած են Հայ ուխտաւորներ Դադիվանք այցելած են 

Հայ ուխտաւորներ Դադիվանք այցելած են

Դադիվանքը եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է 2020-ի Նոյեմբերին

Կիրակի, 14 Փետրուարին, Դադիվանքի վանական համալիր այցելած է 15 հայ ուխտաւոր։  Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝  հայ ուխտաւորները ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ անարգել մտած են համալիրի տարածք:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ «Դադիվանքը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հնագոյն քրիստոնէական վանքերէն է եւ կը գտնուի Քարվաճառ շրջանի տարածքին մէջ, որ, եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է 2020-ի Նոյեմբերին»։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2021, 07:23