ՄԱԿ ՄԱԿ  

ՄԱԿը անհրաժեշտ կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի գերիներու անյապաղ ազատ արձակումը

ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը հաղորդեց, որ բոլոր անոնք, որոնք հակամարտութեան իբրեւ արդիւնք զրկուած են ազատութենէ, պէտք է վերադարձուին իրենց տունը, իսկ սպաննուածներու հարազատները պէտք է կարենան ստանալ իրենց սիրելիներու աճիւնները՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի զինադադարի համաձայնագիրին համաձայն ։
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու հարցերու փորձագէտները կոչ ուղղեցին՝ անյապաղ ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջին փուլի պատերազմական գերիները եւ միւս գերիները, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն յանձնել մահացած անձերու աճիւնները, որպէսզի անոնց յուղարկաւորութիւնը կատարուի՝ մշակութային աւանդութիւններու համաձայն ։

ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը հաղորդեց, որ բոլոր անոնք, որոնք հակամարտութեան իբրեւ արդիւնք զրկուած են ազատութենէ, պէտք է վերադարձուին իրենց տունը, իսկ սպաննուածներու հարազատները պէտք է կարենան ստանալ իրենց սիրելիներու աճիւնները՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի զինադադարի համաձայնագիրին համաձայն ։

Անոնք ընդգծեցին, որ ահազանգներ կը ստանան, թէ պատերազմական գերիները եւ միւս գերիները առանց որեւէ դատական հոլովոյթի կը սպաննուին, կ՛անհետանան, կ՛ենթադրկուին բռնութիւններու եւ դաժան վերաբերմունքի։

«Ոչ մէկ բացառիկ հանգամանք՝ ըլլայ այդ պատերազմական վիճակ, ներքին քաղաքական անկայունութիւն կամ այլ արտակարգ դրութիւն, կրնայ արդարացնել խոշտանգումները եւ բռնի անհետացումները։ Նման գործողութիւններ եւս զինուորական հակամարտութեան ժամանակ կրնան համարուիլ պատերազմական յանցագործութիւն», ընդգծեցին մարդու իրաւուքներու հարցերու փորձագէտները։

Անոնք յատկապէս ահազանգեցին մահացած անձերու մարմիններու խոշտանգումներու փաստերուն։ «Երկու կողմերն ալ սկսած են վերադարձնել պատերազմական գերիները եւ միւս գերիները, եւ մենք անոնց կոչ կ՛ուղղենք՝ գործադրելու այդ մէկը՝ «Բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքով, յստակացնել անյայտ կորսուածներու ճակատագիրը եւ արժանապատուօրէն վերաբերիլ մահացած անձերու մարմիններուն հետ», նշեցին անոնք։

Փորձագէտները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեցին՝ ամբողջական, անյետաձգելի, անկախ եւ անկողմնակալ հետաքննութիւն կատարելու հակամարտութեան ընթացքին եւ անկէ ետք մարդու իրաւունքներու լրջագոյն խախտումներու վերաբերեալ՝ պատասխանատուութեան ենթարկելու կազմակերպիչները եւ հատուցելու վնաս կրած անձերուն։

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2021, 08:30