ԵՈՒՆԵՍՔՕն կը նախատեսէ առաքելութիւն ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղ ԵՈՒՆԵՍՔՕն կը նախատեսէ առաքելութիւն ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղ 

ԵՈՒՆԵՍՔՕն կը նախատեսէ առաքելութիւն ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղ

Յայտնենք, որ 20 Նոյեմբեր 2020ին ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէ պատրաստակամութիւն յայտնեց առաքելութիւն ուղարկելու Ղարաբաղ` օգնելու վերականգնել տարածաշրջանի պատմամշակութային ժառանգութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւնը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕն, յոյս ունի մօտիկ ապագային նախնական առաքելութիւն ուղարկելու Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքները: Այս մասին «Թասս»ի թղթակիցին յայտնեց ԵՈՒՆԵՍՔՕի մամլոյ ծառայութեան ներկայացուցիչը:

Ան դիտել տուաւ, որ այցելութեան վերաբերող քննարկումները կը շարունակուին՝ յոյս յայտնելով, որ անոնք շուտով կը գործնականանան։

Յայտնենք, որ 20 Նոյեմբեր 2020ին ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէ պատրաստակամութիւն յայտնեց առաքելութիւն ուղարկելու Ղարաբաղ` օգնելու վերականգնել տարածաշրջանի պատմամշակութային ժառանգութիւնը:

Քաղուած Ասպարէզ էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2021, 07:54