«Սուրիացի վարձկանները պէտք է լքեն Լեռնային Ղարաբաղը» «Սուրիացի վարձկանները պէտք է լքեն Լեռնային Ղարաբաղը» 

«Սուրիացի վարձկանները պէտք է լքեն Լեռնային Ղարաբաղը» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը

«Մենք ի սկզբանէ կողմ եղած ենք զինուորական գործողութիւններու դադրեցման եւ խաղաղ համաձայնութիւններու ճամբով շրջանին մէջ խնդիրներու լուծման: Այդ դիրքորոշումը չէ փոխուած», նշած է Զաս:
Ունկնդրէ լուրը

Սուրիացի վարձկանները պէտք է հեռանան Լեռնային Ղարաբաղէն, ՀԱՊԿ-ի երկիրներուն մօտ անոնց գործունէութիւնը վտանգներ կը պարունակէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս:

«Մենք տեղեկութիւններ ունէինք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ Սուրիայէն զինեալներու ներկայութեան եւ գործողութիւններուն մասին», ըսած է Զաս:

«Մենք կը մեկնինք անկէ, որ սուրիացի որեւէ վարձկան, զինեալ պէտք է լքէ այս տարածքը, դադրեցնէ իր գործունէութիւնը, որովհետեւ ջոկատներու, զինեալներու խումբերու, անօրինական զինեալ կազմաւորումներու ստեղծումը անմիջապէս ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու սահմաններուն մօտ յստակ վտանգներ կը պարունակէ հաւաքական անվտանգութեան համար», աւելցուցած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Զաս, պատասխանելով «Սփութնիք Արմենիա»-ի հարցումին, յայտնած է, որ Հայաստանին օգնութիւն ցուցաբերելու մեքանիզմը չէ քննարկուած ՀԱՊԿ-ի մէջ, որովհետեւ Երեւանը չէ դիմած կազմակերպութեան:

«Մենք ի սկզբանէ կողմ եղած ենք զինուորական գործողութիւններու դադրեցման եւ խաղաղ համաձայնութիւններու ճամբով շրջանին մէջ խնդիրներու լուծման: Այդ դիրքորոշումը չէ փոխուած», նշած է Զաս:

Ան ըսած է, որ կազմակերպութիւնը չէ սահմանափակուած միայն իրադարձութիւններու զարգացման հետեւելով ու կրակոցը դադրեցնելու եւ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստելու պահանջներով: «Մենք մեծ աշխատանք կը կատարէինք: Ատոր հետ միատեղ պէտք է հասկնալ, որ մենք ունինք հաւաքական անվտանգութեան մասին հիմնական պայմանագիր, ուր յստակօրէն ամրագրուած են այս կամ այն պետութեան օգնութիւն ցուցաբերելու համար ՀԱՊԿ-ի կարելիութիւններու գործարկման պայմաններն ու կարգը», ըսած է Զաս:

4-րդ կէտին համաձայն, յարձակումի պարագային, որ կը սպառնայ կազմակերպութեան անդամ պետութիւններէն մէկուն անվտանգութեան, կայունութեան, տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, այդ պետութեան դիմումով ատոր կը ցուցաբերուի անյապաղ բազմակողմանի օգնութիւն, ներառեալ զինուորական:

«Այս իրավիճակին մէջ Հայաստանը չէ դիմած ՀԱՊԿ-ի կողմէ զինուորական կամ այլ օգնութիւն ստանալու համար: Այդ մեքանիզմը մենք չենք գործարկած եւ չենք քննարկած», ըսած է Զաս:

«Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կարելի էր կանխարգիլել արիւնահեղութիւնն ու հսկայական ողբերգութիւնը: Ղարաբաղի մէջ զինադադարը եւ ռուս խաղաղապահներու տեղակայումը կայունացուցած են կացութիւնը տագնապի գօտիին մէջ, ինչպէս նաեւ, ընդհանուր առմամբ, Հարաւային Կովկասի մէջ», նշած է ան:

Քաղուած «Ազդակ »էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2021, 08:13