Եէմէն. Միլիոնաւոր երեխաներ կրնան սովի մատնուիլ։ Եէմէն. Միլիոնաւոր երեխաներ կրնան սովի մատնուիլ։ 

Եէմէն. Միլիոնաւոր երեխաներ կրնան սովի մատնուիլ։

Ըստ նոր զեկոյցի՝ այս տարի կը կանխատեսուի, որ մինչեւ հինգ տարեկան գրեթէ 2.3 միլիոն երեխայ տառապին ծանր թերսնուցումէ:
Ունկնդրէ լուրը

Եէմէնի մէջ 2021-ին 2.3 միլիոն երեխայ սովի մատնուած պիտի ըլլայ: Այս մասին կը յայտնէ «Ռիա Նովոստի»-ն՝ յղում տալով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիքի յայտարարութեան:

 Նշուած է, որ 3.4 միլիառ տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օգնութեան ծրագիրը ֆինանսաւորուած է ընդամէնը 1.9 միլիառի չափով:

 «Այժմ Եէմէնի մասին: Ըստ նոր զեկոյցի՝ այս տարի կը կանխատեսուի, որ մինչեւ հինգ տարեկան գրեթէ 2.3 միլիոն երեխայ տառապին ծանր թերսնուցումէ: Անոնցմէ 400 000-ը կրնան տառապիլ ծանր սովէ եւ մահանալ, եթէ շտապ բուժում չստանան», -ըսած է Տիւժարիքը ճեպազրոյցի ժամանակ:

Ան նշած է, որ զեկոյցը համատեղ պատրաստած են ՄԱԿ-ի Պարենի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութիւնը, ԵՈւՆԻՍԵՖ-ը, Պարենի համաշխարհային ծրագիրը եւ ԱՀԿ-ն:

Տիւժարիք աւելցուցած է, որ ՄԱԿ-ի կառոյցները կը նախազգուշացնեն, որ ասոնք թերսնման ամենաբարձր ցուցանիշներն են, որոնք գրանցուած են 2015-ին Եէմէնի մէջ հակամարտութեան սրացումէն ի վեր:

Քաղուած  «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2021, 11:29