Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն  

Երուսաղէմի Հայոց նոր նուիրատւութիւնը՝ Ստեփանակերտին

Կը նշուի, որ սա Արցախի վերակառուցման մասնակցելու Երուսաղէմի Միացեալ Յանձնախումբի առաջին փուլի ծրագիրն է:

Երուսաղէմի միացեալ յանձնախումբը որոշած է ֆինանսաւորել Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Աւետիք Իսահակեանի անուան թիւ 10 հիմնական դպրոցի նախակրթարանի բաժնի վերանորոգման եւ նոր գոյքի ձեռքբերման ծախսերը: «Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանէն։

Կը նշուի, որ սա Արցախի վերակառուցման մասնակցելու Երուսաղէմի Միացեալ Յանձնախումբի առաջին փուլի ծրագիրն է:

 Վերանորոգման ծախսը նախատեսուածի համաձայն պիտի կազմէ 11,281,308 դրամ, որմէ ետք 178 սան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ սորվելու նախակրթարանին մէջ:

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2021, 09:40